2010-08-17 12:38:20

Ս Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը՝ Պիքֆայայի Մէջ -Լիբանան


Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի շրջափակին մէջ, Շաբաթ 14 օգոստոս 2010-ի երեկոյեան բացօթեայ զետեղուած խորանին վրայ, Ս. պատարագ մատուցուեցաւ՝ հանդիսապետութեամբ Արամ Ա կաթողիկոսի։ Սուրբ պատարագը մատուցեց Անուշաւան եպս Դանիէլեան, առաջնորդական փոխանորդ Հիւսիսային Ամերիկայի արեւելեան թեմին։ Ուխտաւորներու մեծ բազմութիւն մը ներկայ էր Սուրբ պատարագին, եւ մատաղի ու խաղողի օրհնութեան եւ ըստ աւանդութեան , այս տարի եւս ժողովուրդը ի՛նք կատարեց պատարագի երգեցողութիւնը։

Հայր մերէն անմիջապէս առաջ, վեհափառին հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէքի եւ մատաղօրհնէքի արարողութիւնը, երբ երկրի բերքին ու ժողովուրդի ուխտերուն ընծան նուիրուեցաւ Աստուծոյ, յատուկ աղօթքներու ճամբով։ Ապա վեհափառը ներկայ հարիւրաւոր ժողովուրդին տուաւ իր պատգամը՝ որուն մէջ անդրադարձաւ Ս Մարիամ Աստուածածնի տիպարին, նախ Նոր կտակարանին մէջ՝ աստուածաբանական առումով, իբրեւ մայր Աստուծոյ Որդիին, եւ ապա իբրեւ աղբիւր բարոյական ու հոգեւոր արժէքներու։

Ապա անդրադառնալով հայոց պատմութեան՝ Արամ Ա կաթողիկոս ըսաւ, որ հայ կնոջ դիմաց իբրեւ տիպար եղած է Մարիամ Աստուածածինը։ Վեհափառը յիշեցուց, որ ներկայ տարին յատուկ կերպով Հայ կնոջ տարի հռչակելով, հայրապետական յատուկ գիրով անդրադարձած է մարդկութեան կեանքին մէջ կնոջ ներկայութեան ու դերակատարութեան, յատկապէս ծանրանալով հայ կնոջ ներկայացուցած կարեւոր տեղին ու դերին վրայ։ Վեհափառը, համապատասխանաբար ներկայ ժամանակներու անխտրական ոգիին, յորդորեց վերարժեւորել հայ կնոջ դերակատարութիւնը հայ ժողովուրդի հասարակական կեանքին մէջ, անկախաբար անոր ունեցած անզուգական դերակատարութեան հայ ընտանիքին մէջ, ինչպէս նաեւ զաւակներու դաստիարակութեան գործին մէջ։





 








All the contents on this site are copyrighted ©.