2010-08-17 12:37:36

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Պատգամը Եղբայր Ռոժէի Մահուան Ե. Տարելիցին Առթիւ։

՜՜Եղբայր Ռոժէ Սրբութեան Համամիութեան Վկայ Մը՝՝։


16 օգոստոս 2005ին երեկոյեան աղօթքի ընթացքին կը վախճանէր եղբայր Ռոժէն` հիմնադիրը, Թեզէ՝ ՜՜ համամիութեան եղբայրութեան՝՝։ Ան սպաննուեցաւ մտքով անհաւասարակշիռ կնոջ մը կողմէ։ Եղբայր Ռոժէի կեանքը եղաւ ճշմարիտ վկայութիւն մը հաշտութեան, ներդաշնակութեան, սիրոյ եւ աղօթքի։ Այս առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ՜՜Թեզէ՝՝ եղբայրութեան ուղղած մէկ պատգամով կը գրէ. ''Անոր կեանքը եղաւ սրբութեան համամիութեան վկայութիւն մը, որ կը շարունակէ ներշնչել մեր ընթացքը դէպի միութիւն։

'' Հաղորդութիւն՝՝ բառը ,կարելի է ըսել, թէ եկեղեցւոյ ամենէն գեղեցիկ բառերէն մէկն է։ Եղբայր Ռոժէն իր բոլոր կեանքը նուիրեց դրական վկայութիւն մը տալու եղբայրական հաղորդութեան։ Անոր կեանքը եղաւ ՜՜աշխատիլ Քրիստոսի աշակերտներու միութեան ի սպաս՝՝։ Երբ 20 օգոստոս 1940ին Եղբայր Ռոժէ ֆրանսայի Թեզէ գիւղը հասաւ, համայն աշխարհը կը տուայտէր պատերազմի մէջ, բռնութեան մէջ։ Ի տես եղբայրներու բաժանումին ան հակազդեց աղօթքի, սիրոյ ու երկխօսութեան կեանքով։ Ժառանգութիւն մը որ այսօր քրիստոնեաները լիովին կ'ապրին։ ''Սերմը որ բազմաթիւ պտուղ տուաւ'', ինչպէս կ'ընդգծէ Սրբազան Քահանայապետը իր պատգամին մէջ։ Անոր քրիստոնէական հաւատքի ու համամիութենական երկխօսութեան վկայութիւնը արդիւնաբեր ուսուցում մը եղաւ համայն երիտասարդ սերունդներուն։ Տիրոջմէն խնդրենք, որ անոր կեանքի զոհաբերումը նպաստէ ամպրապնդելու խաղաղութեան ու զօրակցութեան յանձնառումը եւ նուիրումը, բոլոր անոնց որոնք նուիրուած են մարդկութեան ապագային դատին համար։ Նշենք որ՝ Եղբայր Ռոժէ մեծ յոյսեր դրած է երիտասարդ սերունդին վրայ։ Թեզէի եղբայրութիւնը ընդունած է այցելութիւնը Կալկաթայի մայր Թերեզայի, Անգլիոյ գահերէց Գանթերպուրիի առաջնորդ Ռամսէի եւ երջանկայիշատակ՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին, որ ըսած էր. ''Թեզէէն անցնիլ կը նմանի աղբիւրի մը մօտեցումին. այնտեղ, ճանապարհորդը կանգ կ'առնէ, իր ծարաւը կը յագեցնէ եւ կը շարունակէ իր ընթացքը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.