2010-08-16 12:33:56

''Վերափոխումն Սուրբ Կոյս Աստուածածնայ ''Տօնակատարութիւնը Զմմառու Վանքին Մէջ Եւ Սարկաւագական Ձեռնադրութիւն Ժառանգաւոր Ռոպէր Գրիգոր Պատիշահի։


Լիբանան- (տեղեկագրութիւն՝ Նարեկ Վրդ Լուիսեանի, Ընդհ. Քարտուղարը Զմմառու Արծիւեան Միաբանութեան)։

Վերափոխումն Սուրբ Կոյս Աստուածածնի տօնին առթիւ, որ միաժամանակ Զմմառու Արծիւեան հնադարեան մայրավանքի անուանակոչութիւնն եւ ուխտագնացութեան օրն է, Կիրակի 15 Օգոստոս 2010-ին հաւատացեալներու հոծ բազմութիւնը հաւաքուած էր Զմմառու Մայրավանքի շրջափակին մէջ կանգնուած Սուրբ Խորանին դիմաց, ներկայ գտնուելու եւ մասնակցելու Արհի Յովհաննէս Եպս Թէյրուզեանին կողմէ մատուցուած Հայրապետական Սուրբ Պատարագին,եւ բարեշնորհ՝ Ռոպէր Գրիգոր Պատիշահի Սարկաւագի ձեռնադրութեան։

Սուրբ Պատարագին ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ, Արհիապատիւ Գերապայծառ Տէրը ըսաւ. ՜՜ Աստուածածինը թէ Յիսուսի եւ թէ իւրաքանչիւրիս մայրն է, որուն կը դիմենք ամէն ատեն, աղօթելու եւ իր բարեխօսութիւնը հայցելու։ Աստուածամայրը Ամենասուրբ Երրորդութենէն պսակուեցաւ թագուհի երկնքի եւ երկրի, թագուհի հրեշտակներուն եւ նահապետներուն, թագուհի սուրբերուն, ինչպէս նաեւ ընտանիքներուն եւ եկեղեցւոյ՝՝։

Յաւարտ Սուրբ Պաստարագին,Պատրիարքական Միացեալ Կռունկ երգչախումբին կողմէ եւ Եդուարդ Թորիկեանի խմբավարութեամբ երգուած՝ հոգեպարար շարականներու եւ տաղերու սրբարար մթնոլորտին ներքեւ, Արհի գերապայծառ Տէրը օրհնեց խաղողը, որ բաժնուեցաւ ներկայ ժողովուրդին։

ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբի տողանցքով, հաւատացեալ ժողովուրդը ուղղուեցաւ մայրավանքի դահլիճը, ուր՝ Արհի Գերապայծառ Տէրը, Զմմառու Մայրավանքի Մեծաւոր՝ Միքայէլ Թ.Ծ.Վրդ. Մուրատեան,վանաբնակ հայրերը եւ ձեռնադրուած սարկաւագն ու իր ծնողքը շնորհաւորութիւններ ընդունեցին։

Կէսօրուայ ժամը 13.00-ին, դպրեվանքի սեղանատան մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական ճաշկերոյթը,մասնակցութեամբ Լիբանաի Ներքին Գործոց Նախարար՝ Պրն Զիատ Պարուտի, Երեսփոխան՝ Պրն Սերժ Թուրսարգիսեանի, Լիբանանի մօտ ՀՀ Դեսպան՝ Պրն Աշոտ Քոչարեանի, մայրավանքի բարեկամներու եւ բարերարներու, ինչպէս նաեւ եկեղեցական դասին ու ժառանգաւորներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.