2010-08-16 12:33:44

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը ։


Կիրակի 15 Oգոստոս 2010, տօն վերափոխման սուրբ Աստուածածնի ` Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց, Գասթել Կանտոլֆոյի քահանայապետական ամառանոցէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ, նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Այսօր Եկեղեցին կը տօնախմբէ Տիրամօր վերափոխումը երկինք՝ Ան որ մտքով ու մարմնով իր արգանդին մէջ ընդունեց Միածին Որդին։ Աստուածածնայ հանդէպ բարեպաշտութիւնը սկսաւ եկեղեցւոյ արշալոյսին իսկ։

Չորրորդ դարուն, արդէն իսկ՝ ի յայտ կու գան մարեմեան տօներ, անոնցմէ ոմանք կը մեծարեն Ս. Կոյսին դերը մարդկութեան փրկութեան մէջ, այլ տօներ կը պանծացնեն Աստուածածինը եւ իր երկրաւոր կեանքի կարեւոր պահերը։

Վերափոխման տօնին նշանակութիւնը, ըսաւ Սրբազան Հայրը, կը գտնենք երջանկայիշատակ Պիոս ԺԲ. Քահանայապետի ՜՜ Տիրամօր Վերափոխման վարդապետութեան՝՝ հռչակման բանաձեւին մէջ, որ կատարեց 60 տարի առաջ մէկ նոյեմբեր 1950ին. ''Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ մեզի Աստուածածինն ամենօրհնեալ սերտօրէն կապուած իր Աստուածային Որդիին եւ հաղորդակից է անոր բախտին։ Հետեւաբար, ան որ յղացաւ եւ ծնաւ Քրիստոսը, չի կրնար անկէ բաժնուած մնալ երկրաւոր կեանքէն ետք։ Մեր Փրկիչը չէր կրնար չպատուել իր Մայրն ամենասիրելին։Ասոր համար, ամենօրհնեալ Աստուածամայրը զերծ մնաց գերեզմանի ապականութենէն։ Նման իր Որդիին, յաղթելէն ետք մահուան, վերփոխուեցաւ իր մարմնով եւ հոգիով երկինքի փառքին մէջ, հոն փառաւորուելու համար իբրեւ ՜՜Թագուհի՝՝ իր Որդիին աջ կողմը''։ Յայտնենք թէ այս աւանդութիւնը հայ եկեղեցւոյ մէջ շատ հին է։

Մեր հայրերը զայն առած են Երուսաղէմի Եկեղեցիէն, երբ հինգերորդ դարուն հայերէնի թարգմանացին անոր ճաշոց-տօնացոյցը։

՜՜Անթառամ ծաղիկ... Վերափոխուեցար արքայութիւն`

Քու Որդիիդ եւ մեր Աստուծոյ, Բարեխօս դաւանողներուս քեզ կը փառաւորեմք՝՝։

Ապա Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ թէ ամէն դարու գեղարուեստագէտներ գծագրած եւ փորագրած են Աստուածամօր սրբութիւնը, ինչպէս նաեւ արեւելքի եւ արեւմուտքի բանաստեղծներ, գրողներ եւ երաժշտագէտներ հիւսած են Տիրամօր փառքը։ Եկեղեցւոյ ամենահին աղօթքը եղած է ՜՜Ընդ Հովանեաւ՝՝ը . ՜՜Մենք կ'ապաւինինք հովանիին տակ քու պաշտպանութեանդ, սուրբ Աստուածածին։ Մի մերժեր մեր աղօթքները, այլ միշտ փրկէ մեզ ամէն վտանգէ, ով Կոյս փառաւորեալ եւ օրհնեալ՝՝։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ներկաներէն խնդրեց դիմել Անոր, որ Երկինք վերափոխուելով շարունակեց իր միջնորդի ու փրկութեան առաքելութիւնը։ Ան որ եղաւ առաջնորդը առաքելաներու, օգնականը նահատակներու, լոյսը սուրբերու, ուղղենք մեր աղօթքը, հայցելով որ ընկերանայ մեզի այս երկրաւոր կեանքին մէջ, օգնէ մեզի դիտել Երկինքը եւ ընդունի մեզ, օր մը, իր Միածին Որդիին մօտ։








All the contents on this site are copyrighted ©.