2010-08-16 12:34:39

Յիշարժան Թուական Եւ Լուրեր Հայ Աշխարհէն


16 Օգոստոս 1845-ին՝ Կալկաթայի մէջ Մ Թաղիադեանի խմբագրութեամբ կը սկսի հրատարակուիլ Ազգասէր շաբաթաթերթը որ լոյս կը տեսնէ մինչեւ 1852։


Հայկական Եկեղեցի Մը Մշակութային Կեդրոնի Պիտի Վերածուի։

Պոլիս- Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութիւնը ընթացք տալով Սիվրիհիսարի քաղաքապետութեան դիմումին, որոշած է նորոգութեան ենթարկել Էսքիշեհիրի Սիվրիհիսար գաւառակի Սուրբ Երրորդութիւն հայոց եկեղեցին, որ կառուցուած է 1881-ին, կը հաղորդեն Թրքական լրատու կայքէջերը։

Նորոգութեան աշխատանքները արդէն իսկ սկսած են եւ կը կարծուի, թէ տարեվերջին պիտի աւարտին։

՜՜Անատոլու՝՝ լրատու գործակալութեան համաձայն, լքեալ եկեղեցին երկար ժամանակ գործածուեցաւ իբրեւ շտեմարան եւ քսան տարիէ ի վեր լքեալ ու անխնամ վիճակ ունի։ Քարակերտ եկեղեցիին ետեւի կողմը մկրտարան մը կայ, հարաւային կողմը՝` խորհրդարան մը, իսկ երկու կողմերը՝` մէկական զանգակատուն։

Մշակոյթի նախարարութիւնը որոշած է եկեղեցին վերանորոգել բնօրինակին հաւատարիմ ոճով այնուհանդերձ, կը հաղորդուի, թէ եկեղեցւոյ ներքնամասը պիտի զարդարուի Սիվրիհիսարի շրջանային գորգերով եւ պատմական նկարներով։ Մուտքի դրան մօտերը գտնուող արժէքաւոր քանդակները, չգողցուելու համար, վերցուեցան եւ պահուեցան քաղաքապետութեան կողմէ։

Նորոգութեան աւարտին եկեղեցին պիտի գործածուի իբրեւ մշակութային կեդրոն եւ բաց պիտի ըլլայ բոլոր զբօսաշրջիկներուն համար։



Իրանեան Մեհրնամէ Ամսաթերթը՝ Թուրքիոյ Եւ Մեծ Եղեռնի Մասին։

Իրան- Մեհրնամէ պարսկերէն կարեւոր ամսաթերթը յուլիս ամսուան իր թիւով շուրջ 20 էջ նուիրած է Թուրքիոյ ներքին թէ արտաքին քաղաքական վերջին իրադարձութիւններուն։ Այդ բաժնին մէջ 12 էջերու վրայ կը խօսուի Հայոց ցեղասպանութեան մասին 1915 թուականի Մեծ եղեռնի նուիրուած նիւթերն են՝ Պատմութեան ատեանում, Ներողութիւն պատմութիւնից, Ներողամտութիւն հայցելու կոչ, Ոճրագործութիւն՝ մարդկութեան դէմ, Բիւրոկրատ ոճրագործներ։

Յիշեալ պարբերականը նաեւ հրատարակած է լուսանկարներ Հայոց ցեղասպանութեան եւ Ապրիլ 24-ի օրը ժողովուրդի խուռներամ Ծիծեռնակաբերդ այցելութեան վերաբերող։



Իրանահայ Ճարտարապետ Ռոստոմ Ոսկանեանի Մեծարման Երեկոյ ։

Թեհրան- Թեհրանի համալսարանի գեղարուեստի բաժանմունքի Փարտիս համալիրին մէջ, վերջերս, տեղի ունեցաւ իրանահայ անուանի ճարտարապետ եւ Ճարտարապետական ամպիոնի ժամանակի վարիչ Ռոստոմ Ոսկանեանի մեծարման երեկոյ։ Համալիրի ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Հապիպի հակիրճ կերպով ներկայացուց Ռ. Ոսկանեանը, մեծապէս գնահատելով անոր դերակատարութիւնը՝ Ճարտարապետական ամպիոնի զարգացման մէջ։

Այնուհետեւ մեծարեալ՝ Ռոստոմ Ոսկանեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց իր ընկերներուն հանդիպելու առիթով եւ շնորհակալական խօսքեր ըսաւ ձեռնարկի կազմակերպման համար։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.