2010-08-16 12:34:54

Հայազգի Քսանամեայ Ջութակահար' Անուշ Նիկողոսեան Քարթներ Սփարքաս Միջազգային Ջութակի Մրցումին՝ Յաղթական։


Աւստրիա- Երեւանէն 20 տարեկան ջութակահար Անուշ Նիկողոսեան, վերջերս, շահեցաւ Քարթներ Սփարքաս միջազգային ջութակի մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Աւստրիոյ մէջ։ Մրցումին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին 96 երիտասարդ ջութակահարներ՝ 30 երկիրներէ եկած, ինչպէս՝ Ռուսիա, Ֆրանսա, Գերմանիա, Միացեալ Նահանգներ, Իտալիա, Չինաստան, Անգլիա, Աւստրիա, Ճափոն եւ այլն։ Նիկողոսեան ստացաւ 10 հազար եւրօ եւ ընտրուեցաւ լաւագոյն մեկնաբան՝ Մոցարթի յօրինումներէն մէկուն։ Ան համաձայնագիր ստորագրեց Վիեննայի սիմֆոնիք նուագախումին հետ 2 ելոյթ տալու փետրուար 2011-ին։ Ան նաեւ ստացաւ 14 հրաւէրներ՝ զանազան նուագախումբերէ, նաեւ մասնակցելու փառատօներու, ինչպէս՝ Ճափոնի երաժշտական փառատօնը։ Յայտնենք, որ Անուշ Նիկողոսեան յաճախած է Երեւանի Սայաթ Նովայի անուան երաժշտական դպրոցը՝ 1995-2003, եւ վկայուած է Երեւանի պետական երաժշտանոցէն՝ 2005-ին։ Ներկայիս կը յաճախէ Միւնիխի երաժշտական ակադեմիան, որուն ծախսերը կը հոգայ ՀԲԸՄ-ը։ Հարկ է նշել, որ Նիկողոսեան ելոյթ ունեցած է զանազան երկիրներու մէջ, ինչպէս՝ Անգլիա, Ռուսիա, Սուրիա, Գերմանիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Լիթուանիա։








All the contents on this site are copyrighted ©.