2010-08-14 11:32:18

Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը Եւ Խաղողօրհնութեան Աւանդական Uովորութիւնը:


Աստուածածնայ վերափոխման տօն է այս Կիրակի, որը մեծ շուքով եւ հանդիսաւորութեամբ կը տօնախմբուի ամէնուրեք, մեր եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ։ Արդարեւ, Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը մեր եկեղեցւոյ հին տաղաւար տօներէն մէկն է, որ՝ իր յատուկ տեղն ու թելադրականութիւնը ունի մեր ժողովուրդի հաւաքական կեանքէն ներս՝ այն իմաստով, որ Աստուածածնայ տօնը նախ Ուխտի Օր է, որովհետեւ հաւատացեալ բազմութիւններ այս օրը ուխտի կ'երթան Տիրամօր անունով կառուցուած եկեղեցիներուն եւ վանքերուն, իսկ երկրորդ, որ Աստուածածնայ տօնին կցուած է խաղողօրհնութեան աւանդական սովորութիւնը։

Խաղողօրհնութիւնը անցեալէն եկող գեղեցիկ սովորութիւն մըն է, որով մեր նախնիք խաղողի իրենց տարուան առաջին բերքը կը բերէին Աստուածածնայ տօնին օրհնուելու։

Խաղողօրհնութիւնը միայն մեր եկեղեցւոյ մէջ կը կիրարկուի։ Միւս եկեղեցիները չունին այս սովորութիւնը։ Տարին անգամ մը, հայ եկեղեցին կ'օրհնէ հայ հողին ազնուագոյն պտուղը հանդիսացող՝ պտուղներու մայրն ու թագուհին ճանչցուող խաղողը ու, խաղողին մէջէն, անոր կեանք տուող հողը առհաւական։ Հայրենի հողին նուիրականութեան եւ արգասաւորութեան գաղափարն է, որ մեր ժողովուրդի հայեցողութեան եւ վերաբերումին մէջ նոր ուժ կը ստանայ ամէն տարի։ Քրիստոս իր երկրային կեանքի ընթացքին բազում անգամներ խօսած է որթատունկի, խաղողի, այգիի եւ գինիի մասին իր առակներուն եւ առակաձեւ խօսքերուն մէջ։ Հետեւաբար, խաղողն ու անկէ կենսաւորուող գինին ոչ միայն հայ ժողովուրդին, այլեւ Աստուածաշունչ մատեանին մէջ լայն տեղ գրաւած եւ յատուկ արժեւորումի բարձրացած են։ Ուստի, մեր հայրերը նախամեծար համարած են, այլ պտուղներու փոխարէն, խաղող օրհնել եւ ժողովուրդին բաժնել, որպէս Աստուծոյ կողմէ մարդոց տրուած հարստութիւն։

Աստուածածնայ տօնը, առանց Քրիստոսի երկրային կեանքին եւ աստուածային առաքելութեան, դատարկ իրողութիւն մը պիտի դառնար ու սովորական դէպքի մը պատմութիւնը պիտի մնար քրիստոնեայ եկեղեցւոյ պատմութեան էջերէն ներս, եթէ Քրիստոսի մարդեղութեան խորհուրդը առաւել իմաստաւորելու Աստուածածնայ անձն ու աշխարհային կեանքը, երբ Ե. դարէն ետք վճռապէս հաստատուեցաւ, որ Աստուածածնէն ծնողը Քրիստոս ինք թէ՛ Աստուած էր եւ թէ մարդ միանամա՛յն, եւ թէ Աստւածածինը ի՛նքն էր ծնողը եւ մայրը Քրիստոսի, որով իրեն տրուեցան Աստուածածին եւ Աստուածամայր կոչումները։

Սրբազան աւետարանիչներու ճամբով մեզի հասած տեղեկութիւնները կը պատմեն, թէ Քրիստոսի Համբարձումէն ետք, Աստւածածինը երկար տարիներ դեռ ապրած է Երուսաղէմի մէջ՝ Յովհաննէս Աւետարանիչի որդիական խնամքին եւ Առաքեալներու հոգածութեան եւ գուրգուրանքին ներքեւ, ու իր կեանքը փակած է Երուսաղէմի մէջ եւ թաղուած է Գեթսէմանիի ձորը։ Բարթողոմէոս առաքեալ, իր ճանապարհորդութենէն վերադարձին, փափաքած է մէկ անգամուան մը համար տեսնել Աստուածամօր մարմինը։ Առաքեալք անդին հրած են տապանաքարը եւ, ո՜վ զարմանք, Աստուածամօր մարմինը հոն չեն գտած։ Քրիստոս երկինք փոխադրած էր իր մայրը։ Ու այդ դէպքը քրիստոնեայ եկեղեցւոյ մէջ կը բացատրուի որպէս վերափոխման տօն, ի յիշատակ Աստուածամօր։

Քրիստոնէական եկեղեցին, առաքելական դարերէն սկսեալ, յատուկ յարգանք ունեցած է Աստւածամօր նկատմամբ։ Քրիստոսի մայրը ըլլալու գերագոյն պատիւին արժանացած այս համեստ կոյսը, քրիստոնեայ եկեղեցւոյ համար եղած է մայրութեան եւ մարդկային առաքինութիւններու բարձրագոյն տիպարը։ Հայ եկեղեցին եւս իր կարգին բացառիկ սէր ու յարագնք տածած է Աստւածամօր նկատմամբ։ Բազմաթիւ եկեղեցիներ եւ ուխտատեղիներ կառուցւած են անոր անունով ուր ամէն Աստուածածնայ տօնին հոծ բազմութիւններ կը փութան իրենց ուխտը կատարելու։








All the contents on this site are copyrighted ©.