2010-08-13 12:14:14

Միջեկեղեցական Հանդիպում Անթիլիասի Մէջ


Անթիլիասի մայրավանքին մէջ 12 օգոստոս 2010-ին, նախագահութեամբ՝ Արամ Ա կաթողիկոսին, տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական հանդիպում մը որուն ներկայ գտնուեցան մարոնիներու Պէյրութի առաջնորդ Մաթար եպիսկոպոս, Գործադիր վարչութեան անդամ Հապիպ Պատր բողոքական, մետրոպոլիտ Ճորճ Սալիպա ասորի ուղղափառ եւ Նարեկ եպս Ալեէմէզեան վարիչ միջեկեղեցական յարաբերութեանց։

Հանդիպման ընթացքին նիւթ դարձաւ Միջին Արեւելքի մէջ միջեկեղեցական շարժման ներկայ իրավիճակը եւ յատկապէս Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի կացութիւնը։

Պատուիրակութիւնը, որ յանուն խորհուրդին այցելած էր Դամասկոս եւ հանդիպում ունեցած յոյն ուղղափառ համայնքի Իգնատիոս Հազիմ պատրիարքին հետ, զեկուցեց այդ հանդիպման արդիւնքին մասին։

Յայտնենք, որ ժողովական հայրերուն որոշումով յառաջիկայ օրերուն Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու նախագահներուն միջեւ հանդիպում պիտի կայանայ Կիպրոսի մէջ, ինչպէս նաեւ յանուն վեհափառին պատուիրակութիւն մը պիտի մեկնի Եգիպտոս՝ հանդիպում ունենալու համար ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ հետ։

Այս առիթով նաեւ անդրադարձ եղաւ յառաջիկայ հոկտեմբեր ամսուն Վատիկանի մէջ տեղի ունենալիք Եպիսկոպոսաց սինոտին՝ նուիրուած Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան ներկայութեան եւ վկայութեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.