2010-08-13 11:06:15

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵՆԷՆ


Հայ Երաժշտագէտ Եւ Երաժշտահան Գաբրիէլ Երանեան

Հայազգի Երաժշտագէտ Եւ Երաժշտահան Գաբրիէլ Երանեան ծնած է Պոլիս 1827-ին, Նախնական Կրթութիւնը ստացած է Մայր վարժարանի մէջ, աշակերտելով Արիս Յովհաննիսեանին։ Բացի Հայկական Խազերէ, ան սորված է նաեւ եւրոպական երաժշտական նշանները (նոթաները) եւ ունեցած՝ ստեղծագործական-մանկավարժական բեղուն գործունէութիւն։ Իր ուսուցիչին՝ Արիս Յովհաննիսեանին հետ 1857-58-ին հրատարակած է ՜՜Քնար Հայկական՝՝ հանդէսը, որը երաժշտական առաջին պարբերականն էր հայ իրականութեան մէջ եւ ուր ազգային երգերը կը ձայնագրուէին եւրոպական նոթաներով։ Պարբերականը կարճ կեանք ունեցաւ։ Երանեան իր աշակերտներէն Նիկողայոս Թաշճեանին հետ միասին 1861-ին վերհրատարակած է զայն ՜՜Քնար արեւելեան՝՝ անունով, բայց հնարաւորութիւն չէ ունեցած յարատեւելու եւ 1862-ին փակուած է։ Որպէս երաժշտութեան ուսուցիչ աշխատած է Խասգիւղ թաղամասի հայկական դպրոցին մէջ եւ ազգային հիւանդանոցի որբանոցին մէջ, աճեցնելով շատ աշակերտներ։ Գաբրիէլ Երանեան հիղինակ է ազգային, հայրենասիրական երգերու, ինչպէս՝ յայտնի ՜՜Կիլիկիա՝՝ ՜՜Հայաստան երկիր դրախտավայր՜՜ ՜՜ Արիք Հայկազունք՝՝ ՜՜Հայ ապրինք եղբայր՝՝ եւ այլ գործերու, որոնք լայնօրէն տարածուած են ոչ միայն արեւմտահայ, այլեւ արեւելահայ իրականութեան մէջ, շնորհիւ Քրիստափոր Կարա-Մուրզայի երգչախումբին։ Անոնցմէ՝ ՜՜Հայաստան՝՝ երգը յետագային Արմենակ Շահմուրատեանի կատարմամբ՝ եւ Կոմիտասի դաշնամուրային ընկերակցութեամբ ձայնագրուած է եւ դարձած՝ հայ ժողովուրդի ամենասիրելի երգերէն մէկը։ Նոյնքան ժողովրդականութիւն կը վայելէ նաեւ ՜՜Կիլիկիա՝՝ն։

Հայազգի Գաբրիէլ Երանեան վախճանած է 1862-ի 13 Հոկտեմբերին։








All the contents on this site are copyrighted ©.