2010-08-13 12:26:37

՜՜Մեր Հայրերուն Ժամացոյցը՝՝ Խորագրեալ Հատորի Հրատարակութիւնը։


Պոլսոյ մէջ 2010-ին լոյս տեսաւ պոլսահայ գրագէտ, թատերագիր, հրապարակագիր եւ Մարմարա օրաթերթի վաստակաւոր խմբագրապետ Ռոպեր Հատտէճեանի ՜՜Մեր հայրերուն ժամացոյցը՝՝ խորագրեալ հրատարակութիւնը՝ մեկենասութեամբ Գալուստ Կիւլպենկեան հիմնարկի հայկական բաժնի վարիչ-տնօրէն դոկտ Զաւէն Եկաւեանի։

Հատորը կը բաղկանայ 240 էջերէ եւ կ'ընդգրկէ 84 յօդուածներ, որոնք նախապէս հրատարակուած են Մարմարա օրաթերթին մէջ՝ յուլիս 1991-էն մինչեւ դեկտեմբեր 1991 թուականներուն։Սոյն գործով Ռոպեր Հատտէճեան հաստատելէ ետք ժամացոյցի անհրաժեշտութիւնը, կըսէ, թէ առանց ժամացոյցի մարդ անհանգիստ կը զգայ, որովհետեւ առօրեայ կեանքի անցուդարձերը կը պարտադրեն իրեն, որ հետաքրքրուի ժամով։ Աշխատանքի մէջ թէ ազատ ժամերուն, տան մէջ թէ փողոցը, մարդ անպայման կարիքը ունի ժամացոյցի։








All the contents on this site are copyrighted ©.