2010-08-11 12:49:47

Վատիկանի Պետական Քարտուղարի Պատգամը Եղբայր Ռոժէի Մահուան 5-րդ տարելիցին։


Եղբայր Ռոժէ Եղած Է ՜՜Համամիութեան Ռահվիռայ Մը Եւ Հիմնադիրը Թէզէի Համամիութեան Եղբայրակցութեան՝՝։

20 օգոստոս 1940-ին համաշխարհային պատերազմի մէջ, եղբայր Ռոժէ քաջ գաղափարը կ'ունենայ հիմնելու ֆրանսայի Թէզէ գիւղին մէջ համամիութենական եղբայրութիւն մը։ Ան կը վախճանի 16 օգոստոս 2005ին, սպաննուած մտային հիւանդ կնոջ մը կողմէ, մինչ մատրան մէջ, ան երեկոյեան աղօթքը կը կատարէր ։ Այս երկու տարեդարձերը եղբայրակցութեան հիմնադրութեան 70 ամեակը եւ եղբայր Ռոժէի մահուան 5-րդ տարելիցը, մեծ շուքով պիտի յիշատակուին Թէզէի մէջ յառաջիկայ 14 օգոստոսին։

Այս առթիւ Եղբայր Ալուա` յաջորդը եղաբայր Ռոժէին, բազմաթիւ պատգամներ ստացած է, որոնց շարքին Պենետիկտոս ԺԶ . Քահանայապետին պատգամը, որուն մէջ Սրբազան Հայրը կը գրէ. ՜՜ մինչ եղբայր Ռոժէ կը գտնուի յաւիտենական ուրախութեան մէջ, ան կը շարունակէ մեզի խօսիլ։ Թող անոր համամիութենական ու կեանքի սրբութեան վկայութիւնը ներշնչէ եւ ուղղէ մեր ընթացքը դէպի եկեղեցւոյ կատարեալ միութիւնը եւ ձեր եղբայրութիւնը շարունակէ ապրիլ ու ճառագայթել անոր խարիսմը, մասնաւորապէս նոր սերունդին մօտ՝՝։

Կ.Պոլսոյ Տիեզերական պատրիարքը Բարթողոմիոս Ա. իր կարգին ուղղած պատգամին մէջ կը գրէ թէ ՜՜Թէզէն դարձաւ ճշմարիտ կեդրոն մը աղօթքի, ընկալումի եւ մտամփոփումի, ինչպէս նաեւ ուրիշի աւանդութեան յարգանքի վայր մը՝՝։ Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ Կիւրեղ պատրիարքը կ'ընդգծէ եղբայր Ռոժէի յարումը Աստուծոյ խօսքին եւ սուրբ հայրապետներուն։ Անկլիգան եկեղեցւոյ գահերէց եպիսկոպոսապետը՝ Ուիլիամս կը յայտարարէ թէ ՜՜Եղբայր Ռոժէի օրինակը մեզի կը ներշնչէ ապրիլ Յարութեան ուսուցումով՝՝։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.