2010-08-11 13:25:25

Հայաստանի Ազգային ժողովի Նախագահ' Յովիկ Աբրահամեանի Տեսակցութիւնը ՄԱԿի Գաղթականներու Գրասենեակի Ղեկավար Տամթիւ Տեսալէյնէնի Հետ։


Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան ընդունած է երէկ ՄԱԿ-ի գաղթականներու գծով գերագոյն յանձնակատարի երեւանեան գրասենեակի ղեկավար Տամթիւ Տեսալէյնէն։ Շնորհաւորելով այս վերջինին նշանակումը՝ Յովիկ Աբրահամեան յաջողութիւն մաղթած է անոր, պատասխանատու եւ մարդասիրական գործունէութեան մէջ։
Աբրահամեան բարձր գնահատած է գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակին , գաղթականներուն նկատմամբ ցուցաբերած օժանդակութիւնը Հայաստանի մէջ։ Ան կարեւոր նկատած է Ազրպէյճանէն հայ գաղթականներու եւ իրաքահայ գաղթականներու նկատմամբ ցուցաբերուած եւ շարունակուող աջակցութիւնը։










All the contents on this site are copyrighted ©.