2010-08-11 12:50:43

Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի Ծրագիրներու Ընթացքը Շուշիի Մէջ։


Շուշի քաղաքին մէջ ՜՜Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամը՝՝ կ'իրականացնէ շարք մը ծրագիրներ՝ բնակելի շէնքերու տանիքներու վերանորոգում, փողոցներու բարեկարգում եւ հիմնանորոգում, հանրային հաստատութիւններու՝ գրադարաններու, դպրոցներու ու բուժարաններու կառուցում եւ վերանորոգութիւն։

Մեկնարկուած են նաեւ ըմպելի ջուրի ջրամատակարարման համակարգի ներքին ցանցի եւ կենցաղային կոյուղիի համակարգներուն կառուցման աշխատանքները։ Հին, քայքայուած ու ժանգոտ մետաղէ խողովակներէն հոսող ջուրը ոչ միայն պիտանի չէ խմելու, այլեւ տարբեր պատճառներով հասանելի չէ բոլոր թաղամասերուն։

Վերոյիշեալ ծրագիրները կիրականացուին Մոսկուայի մէջ 2009-ին կայացած դրամահաւաք-ճաշկերոյթին հաւաքուած գումարներով։

Ընթացքի մէջ է Շուշի քաղաքի կեդրոնական գրադարանի նորոգման ծրագիրը, որ կը հովանաւորէ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի տեղական մարմինը։

Գրադարանին նորոգութիւնը առիթ կու տայ ստեղծելու գիրքերու պահպանման համար բարենպաստ պայմաններ, կանխել կորուստները եւ ընթերցողը գրադարան վերադարձնել ։

Ծրագիրներէն մէկն է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի առողջապահութեան նախարարութեան շտապ օգնութեան երեք մեքենաներ տրամադրելը անոնցմէ մէկը յատկացուած է Շուշիի քաղաքային հիւանդանոցին։ Այս ծրագիրը հովանաւորած է Հայաստան համահայկական հիմնադրամի Արժանթինի տեղական մարմինը։Ի դէպ, Շուշիի եւ եօթը գիւղական համայնքներուն մէջ կ'ապրին շուրջ 5126 հոգի, որոնց 3867-ը՝ Շուշիի քաղաքին մէջ։ Բնակչութիւնը հիմնականին մէջ կը զբաղի հողագործութեամբ եւ անասնապահութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.