2010-08-11 12:51:07

 Ամփոփ Լուրեր -Երեւանի Մէջ Ճատրակի Համահայկական Երիտասարդական Ողիմպիականը։


Երեւան - Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ համահայկական մշակութային փառատօնի ծիրին մէջ 15-23 օգոստոս, Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ ճատրակի համահայկական երիտասարդական ողիմպիականը։

Այս մրցաշարքին պիտի մասնակցին սփիւռքէն, Հայաստանէն եւ Արցախէն շուրջ քառասուն բարձր վարկանիշ ունեցող հայ ճատրակ խաղացողներ։



Իտալիոյ Մէջ Երիտասարդ Երաժիշտներու 25-րդ Միջազգային Մրցանքին Հայաստանի Ներկայացուցիչը Յաղթական։

Իտալիոյ Սան Պարթոլոմէօ քաղաքին մէջ 1 օգոստոսին աւարտած ՜՜Ճովանի Թալենթի՝՝ երիտասարդ երաժիշտներու 25-րդ միջազգային մրցանքին յաղթանակ արձանագրած է Հայաստանի ներկայացուցիչ 12-ամեայ Միքայէլ Ճաղարեան, կը հաղորդէ Երեւակլուր կայքէջը ։Միքայէլ Ճաղարեան Երեւանի Սայաթ-Նովայի անուան երաժշտական դպրոցի 5-րդ դասարանի ուսանող է։ Ան Հայաստանի ժողովրդական նկարիչ Սարգիս Մուրատեանի թոռն է։



Ռամատանի Ծոմապահութիւնը Պաշտօնապէս Սկսաւ Երեքշաբթի Օրը Իսլամ Աշխարհին Համար։ Իբրեւ Ռամատանի Սկիզբ՝ Թնդանօթի Երեք Հարուած Արձակուած Է։

Ռամատանը կը համապատասխանէ մահմետական տարւոյն լուսնային իններորդ ամսուան։ Ասոր համար ծոմապահութեան սկիզբը, ամէն տարի 10 օր կը յառաջանայ գրիգորեան օրացոյցին վրայ։ Ռամատանի շրջանին իսլամ աշխարհը հրաւիրուած է խստիւ ծոմ պահելու արեւագալէն մինչեւ մայրամուտ եւ ասիկա յաջորդ 28 օրերուն ընթացքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.