2010-08-10 12:39:52

Վկայագիր եւ յուշանուէր ի պատիւ մեծ յաջողութիւն արձանագրող 343 աշակերտ աշակերտուհիներու Լիբանան -


Հրաւէրով պետական երեսփոխան Պահիա Հարիրիի, 5 Օգոստոս 2010ին՝ լիբանանեան վարժարաններու աւարտական դասարաններու եւ պրէօվէ դասարաններու պետական քննութեանց լաւագոյն արդիւնքներ արձանագրած ընդհանուր հաշիւով 343 աշակերտ աշակերտուհիներ ներկայ գտնուեցան ի պատիւ իրենց, Տիկ. Հարիրիի կողմէ սարքուած բացօթեայ արարողութեան, Սայտայի Մաժտալիւնի պալատին մէջ: Արարողութեան ներկայ էին նաեւ աշակերտութեան ծնողներ, բարեկամներ, վարժարաններու տնօրէններ եւ պատասխանատուներ: Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտուհի Մարինա Չէօլմէքեան անոնց շարքին էր, որոնց յանձնուեցան վկայագիր եւ յուշանուէր: Ան Լեռնային Լիբանանի վարժարաններու գրական բաժինի աւարտականներու լաւագոյն տասնեակին մէջն էր: Յիշենք, որ Մարինա Չէօլմէքեանը միակ հայ աշակերտուհին էր ներկաներուն մէջ, որ կը ներկայացնէր միակ հայկական վարժարանը:








All the contents on this site are copyrighted ©.