2010-08-10 12:40:49

Հակիրճ Լուրեր


Սեւրի դաշնագիրին ստորագրութեան 90-ամեակ:

Օգոստոս ամսոյն 10-րդ օրը, 90 տարի առաջ, ֆրանսական Սեւր քաղաքին մէջ, հանդիսաւոր շուքով ստորագրուեցաւ միջազգային դաշնագիր մը, որ նուիրագործեց Հայաստանի անկախութեան եւ ազգային պետականութեան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային իրաւական ճանաչումը։

Սեւրի դաշնագիրը նաեւ եղաւ միջազգային օրէնքի եւ իրաւունքի այն միակ (եւ այդ բաժնով ցարդ չփոխարինուած) փաստաթուղթը, ուր մանրամասնօրէն ճշդուած ու քարտէսագրուած են հայոց ազգային անկախ պետականութեան միջպետական սահմանները՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ատենի նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարարութեամբ։



Ճափոն - Ճափոնի միջազգային համագործակցութեան գործակալութիւնը 11 օգոստոսին Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան փրկարար ծառայութեան պիտի յանձնէ 28 հրշէջ մեքենաներ։

Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ յանձնման արարողութեան ընթացքին մասնագէտները պիտի ներկայացնեն հրշէջներու արհեստագիտական զինուածութիւնն ու առանձնայատկութիւնները, ապա հայ հրշէջ-փրկարարները ցուցադրական վարժութիւններ պիտի կատարեն։



Հնդկաստան - Թուրքիոյ Արտաքին տնտեսական յարաբերութիւններու խորհուրդի եւ Հնդկաստանի Արդիւնաբերողներու եւ առեւտուրի պալատներու դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ Պոլսոյ մէջ տեղի ունենալիք գործարար համագումարին կը սպասուի նաեւ Հայաստանի պատուիրակութեան մասնակցութիւնը։

Թրքական Զաման օրաթերթը կը հաղորդէ, որ հնդկական կողմը Թուրքիայէն պահանջած է գործարար համագումարին հրաւիրել նաեւ հայաստանեան ընկերութիւնները, ինչ որ ընդունած է Թուրքիան։ Կակնկալուի, որ 24-25 օգոստոս Պոլսոյ մէջ 11 երկիրներու մասնակցութեամբ տեղի ունենալիք գործարար համագումարին Հայաստանէն մասնակցին 5 ընկերութիւններ՝ միջազգային բեռնափոխադրումներու, գիւղատնտեսական, արհեստագիտական եւ այլ մարզերէ։

Մուսա լերան հերոսամարտի 95-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 70-ամեակի ձեռնարկներու բացում։

Մուսա լերան հերոսամարտի 95-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 70-ամեակի զոյգ առիթներով յոբելենական մարմնի կազմակերպած ձեռնարկներու շարքը սկսաւ օգոստոսին, տօնական մթնոլորտի մէջ։

Շաբաթ երեկոյեան Այնճարի հայ կաթողիկէ համայնքի երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ, իսկ գիշերը տեղի ունեցաւ Աստուածածնայ աւանդական խրախճանք։

Կիրակի , առաւօտեան Ս. պատարագէն ետք, տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէք եւ մատաղի բաշխում։ Իսկ կէսօրէ ետք Այնճարի հայ աւետարանական համայնքը կատարեց եկեղեցւոյ հիւրասրահի եւ նոր սրահի բացում։ Երեկոյեան, Գալուստ Կիւլպենկեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մուսալեռցի - այնճարցի արուեստագէտներու հաւաքական ցուցահանդէսի բացում։



Ասորիներու Ցեղասպանութեան Յուշարձան՝ Սիտնիի Մէջ։

Ասորիները եւս թուրքերու կողմէ իրենց դէմ գործուած ցեղասպանութեան յուշարձանին բացումը կատարած են Աւստրալիոյ մէջ։ Օգտուելով Սիտնիի քաղաքապետութեան հետ իրենց սերտ յարաբերութիւններէն, ասորիները արտօնագիր ստացած էին Սիտնիի մէջ յուշարձան մը կառուցելու, որմէ ետք տեղւոյն թուրք բնակչութիւնը բողոքներ ներկայացուցած էր, կասեցնելու համար ծրագրին իրականացումը:

Սակայն, ասորիները յաջողած են իրականացնել արձանին բացումը։ Յուշարձանը պատրաստուեցած է ասորի արուեստագէտ Լուիս Պակրոսի կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.