2010-08-08 13:10:53

Յիշարժան թուական ՝ 8 օգոստոս


- 8 օգոստոս 1905-Ծնունդ մեծանուն գրող Վախթան Անանեանի (մահացած՝ 1980ին)։

- 2004 - Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս 19-րդ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս պատրիարքը երկու քահանաներ կը ձեռնադրէ Պյէրութի ս. Գրիգոր ս. Եղիա Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։

Կիրակի 8 օգոստոս, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս 19-րդ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս պատրիարքը ձայնասւոր ս. պատարագ մատուցեց եւ որուն ընթացքին ձերնադրեց երկու քահանաներ, յանձին սարկաւագ Ալիշանի եւ սարկաւագ Ռափայէլի։

Ձեռնադրութեան հոգեպարարտ արարողութեան ընթացքին Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ հոգեւոր Տէրը յուզումնալից պատգամ մը ուղղեց ձեռնադրեալ նոր քահանաներուն եւ հայ հաւատացեալներուն ընդգծելով քահանայական կոչումին վսեմութիւնը եւ հրաւիրելով հաւատացեալները աղօթելու եւ քաջալերելու երիտասարդները մօտենալու ս. խորանի ծառայութեան։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը նշեց թէ Հայ Եկեղեցւոյ հինաւուրց աւանդութիւնը միշտ յարգանք եւ կարեւորութիւն ընծայած է ամուսնացեալ քահանայական դասին։ Արդարեւ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, մեր Եեղեցւոյ հիմնադիրը եւ մեծագոյն առաքեալը, ամուսնացած էր, ինչպէս նաեւ իր որդիները եւ թոռները, որոնք բազմեցան Կաթողիկոսական Աթոռին վրայ եւ դարձան մեծ հայրապետներ եւ սուրբեր։ Այս աւանդութիւնը անընդհատ կերպով շարունակուեցաւ մինչեւ օրս, թէպէտ նուազ թափով անցեալ դարուն ընթացքին։

Ներկայ ժամանակներուն, 1993էն 2002, ունեցանք հինգ ամուսնացեալ քահանաներ՝ Եգիպտոս, Հալէպ, Վրաստան, Հայաստան եւ Պոլիս։








All the contents on this site are copyrighted ©.