2010-08-07 11:07:19

Խումբ Մը Հայերու Ուխտագնացութիւնը Սասնոյ Մարութա Սարը։


Արեւմտահայաստանի Սասուն շրջանի Մարութա սարի գագաթին գտնուող մատուռին մէջ խումբ մը հայեր իրականացուցած են իրենց աւանդական ուխտը։

Թրքական ,Զաման օրաթերթին համաձայն, ուխտաւոր հայերը, Պաթման նահանգի Սասունի քաղաքապետարանի եւ Սասունի մշակութային եւ կրթութեան միութեան հետ համագործակցաբար կազմակերպած էին, արշաւ դէպի Մարութա սար, ուր հայերը իրենց ուխտը կատարած են, իսկ արաբները՝ Մարութայ սարի մօտ գտնուող Շէյխ Պազըթի սրբավայր այցելած են։

Աւելի ուշ արաբները եւ հայերը հերիսա պատրաստած են եւ անով հիւրասիրած իրենց հետ ուխտի եկած թուրքերն ու քիւրտերը։

Նշենք, որ Մարութա սարը եղած է սասունցիներուն սիրած եւ պաշտելի սարը, որ կոչուած է նաեւ Մարաթուկ։








All the contents on this site are copyrighted ©.