2010-08-06 12:27:41

Ռումանիա- Բացում Թրանսիլվանիոյ Հայոց Թանգարանին։


Ռումանիոյ Տամպրաւենի քաղաքին մէջ,15 յուլիսին մշակութային ինքնութեան վերականգնման եւ խթանման ռումանա-եւրոպական լայն համագործակցութեան ծիրին մէջ , հայ կաթողիկէ Ս. Եղիսաբէթ տաճարին մօտ գտնուող Ապաֆի ամրոցին մէջ, տեղի ունեցաւ Թրանսիլվանիոյ Հայոց թանգարանի բացում:

Թրանսիլվանիոյ Հայոց թանգարանի հիմնադրութիւնը իրականացաւ Նորվեկիոյ, Իսլանտայի եւ Լիխթընշթայնի կառավարութիւններուն կողմէ հիմնադրուած ,Հայ համայնքի վերածնունդին ուղղուած գործողութիւններ ծրագրի շրջագիծին մէջ: Ծրագրին նպատակն է Տամպրաւենի նախկին հայ համայնքին մշակութային ժառանգութեան պահպանութիւնն ու ներկայացումը, ինչպէս նաեւ՝ անոր միջոցով զբօսաշրջութեան եւ տեղի ընկերային-տնտեսական զարգացումը խթանել:

Տամպրաւենի քաղաքապետ Ժորժեթա Իրիմիէ հրաւիրեց ներկաները՝ մտնելու ամրոց եւ դիտելու հայերու կողմէն 1700-ական թուականներուն Տամպրաւեն քաղաքի հիմնադրման մասին պատմող ցուցահանդէսը:

Թանգարանի բացման արարողութեան նախորդեց Ապաֆի ամրոցին մէջ կազմակերպուած ՜՜Վերապրել մշակոյթի միջոցով՝՝ գիտաժողովը, որուն ընթացքին արծարծուեցան մշակութային բազմազանութեան, մշակութային ինքնութիւններու եւ եւրոպական արժէքներու ձեւաւորման մէջ անոնց ունեցած դերակատարութեան, եւ անդրադարձ կատարուեցաւ հայոց պատմութեան ու մշակոյթին:

Բացման հանդիսութեան Հայաստանի դեսպան Համլեթ Գասպարեան երախտագիտութիւն յայտնեց թանգարանի հիմնադիրներուն եւ ծրագիրը իրականացնողներուն՝ շեշտելով, որ այս ծրագիրը պիտի նպաստէ ժողովուրդներու միջեւ սերտ համագործակցութեան հաստատման:

Դեսպան Գասպարեան 16 յուլիսին այցելեց Տամպրաւենի քաղաքապետարան, ուր եւ ընդունուեցաւ քաղաքապետ Ժորժեթա Իրիմիէի կողմէ: Հանդիպման ընթացքին մտքեր փոխանակուեցան Տամպրաւեն քաղաքին մէջ հայկական մշակութային հարուստ ժառանգութեան պահպանման եւ Հայաստանի հետ կապերու հաստատման շուրջ: Այս իմաստով կրկին անգամ շեշտուեցաւ Հայոց թանգարանի հիմնադրութիւնը եւ անոր հետագայ գործունէութիւնը, որ իր շուրջ կրնայ համախմբել շատերու հետաքրքրութիւնը ոչ միայն Ռումանիայէն, այլեւ՝ Հայաստանէն ու ամբողջ աշխարհէն:

Յայտնենք, որ Ապաֆի ամրոցին մէջ բացուած թանգարանը կը ցուցադրէ արխիւային փաստաթուղթեր, թագաւորական հրովարտակներ, հին մատեաններ, գիրքեր, քարտէսներ, նկարներ, պաշտամունքի եւ կենցաղային իրեր, առանձին երեւելի հայ ընտանիքներու իրեր եւ այլն, եւ կը պատմէ այդ հարուստ անցեալին մասին:








All the contents on this site are copyrighted ©.