2010-08-06 12:25:46

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Զօրակցութիւնը Փաքիստանի, Աֆղանիստանի Եւ Ռուսիոյ Աղէտեալներուն։


Նորին Սրբութիւնը իր զօրակցութիւնը յայտնած է եւ դրամական օգնութիւն յատկացուցած՝ բոլոր այն բնակիչներուն որոնք զոհ գացին բնութեան ծանր աւերածութիւններու որոնք տեղի ունեցան Փաքիստանի, Աֆղանիստանի եւ Ռուսիոյ մէջ։ Սրբազան Հայրը մասնաւորապէս յիշեց Ռուսիոյ լայնածաւալ հրդեհներու հետեւանքով հազարաւոր մարդիկը զրկուած՝ իրենց տունէն եւ գոյքերէն, ինչպէս նաեւ Փաքիստանի եւ Աֆղանիստանի ջրհեղեղի պատճառած հազարաւոր զոհերը։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը զօրակցութեան ու շտապ օգնութեան կոչ ըրաւ միջազգային հասարակութեան ։








All the contents on this site are copyrighted ©.