2010-08-06 12:26:38

Կ.Պոլսոոյ Տիեզերական Պատրիարքը Գերերջանիկ Բարդողոմիոս Ա. Պատուոյ Տոքթորա Կ'ընդունի Լեհաստանի Լիւպլանի Համալսարանէն։


Օրթոտոքս պատրիարքներու առաջին գլխաւոր պատրիարքը` գերերջանիկ Բարդողոմիոս Ա. պատուոյ տոքթորա կ'ընդունի Լեհաստանի Լիւպլանի Յովհաննէս Պօղոս Բ կոչուած համալսարանէն, Տոքթորայի տուչութիւնը տեղի պիտի ունենայ 20 օգոստոսին։ Ան օգոստոս 16ին հինգ օրուայ այցելութիւն պիտի կատարէ Լեհաստան։ Իր Կեցութեան ընթացքին ան յաջորդաբար պիտի այցելէ Լիւպլանը, Վարշավիա եւ Կրապարքա օրթոտոքսներու սրբավայրը, ուր 300 տարի առաջ այդ վայրի բնակիչները հրաշքով փրկուեցան ժանտախտէն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.