2010-08-06 12:25:34

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵՆԷՆ


Հայազգի Հռչակաւոր Երգիչ Եւ Զուիցերիոյ Կառավարութեան մօտ Հ Հ Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Շարլ Ազնաւուր Գանատական Շաբաթաթերթին Տուած Ասուլիսը ։
Քանատիըն Ճըուիշ Նիուզ շաբաթաթերթը հարցազրոյց մը հրատարակած է հայ երգիչ Շարլ Ազնաւուրին հետ, որուն մէջ կ'երեւին երգիչին քաղաքական տեսակէտները՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններու, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, հայ-հրէական առնչութիւններու մասին։ Ազնաւուր միաժամանակ կը խօսի նաեւ իր վերջին գիրքին մասին՝ փոխանցելով արուեստագէտի իր իմաստուն փորձառութիւնը։
Ան ըսած է որ՝ Սփիւռքը շատ բան կու տայ իր երկրորդ հայրենիքին։ Տարագիրները շա՛տ կաշխատին, անընդհատ նոր ծրագիրներ, նոր գաղափարներ կունենան, անոնք շատ գործունեայ են։ Եւ ճիշդ ատիկա ալ երբեմն կը յառաջացնէ տուեալ երկրի բնակչութեան նախանձը։ Տարագիրներուն աւանդը Ֆրանսայի մշակոյթի, արուեստի, գիտութեան եւ հասարակական կեանքի գրեթէ բոլոր բնագաւառներու զարգացման գործին մէջ մեծ է եւ պէտք է գնահատուի։ Իսկ այս բոլորին նախանձով վերաբերող ֆրանսացիներուն ես միշտ կըսեմ. Դուք կուզէ՞ք աւելի լաւ ապրիլ, ուրեմն աւելի շատ աշխատեցէք։
Խօսելով երիտասարդներո՞ւ մասին ան ըսած է. ՜՜ Այսօրուան երիտասարդները ակամայ թերութիւն մը ունին՝ շատ փխրուն են։ Կարծես կորսնցուցած են ղեկը, կողմնորոշիչներ չունին։ Իսկ ուսուցիչներուն թիւը հետզհետէ կը նուազի։ Ծնողները իրենց զաւակներով չեն զբաղիր։ Երիտասարդները չեն ձգտիր գիտելիքներ ստանալու։ Ես նոյնիսկ 86 տարեկանիս ծարաւ եմ նոր գիտելիքներու։ Երիտասարդութեան անհրաժեշտ է լաւ ուղեցոյց։ Ատոր համար ալ ես կը փորձեմ անոնց ճանապարհ ցոյց տալ։ Իմ գիրքին մէջ ես երիտասարդներուն ոչ մէկ խորհուրդ կու տամ. իւրաքանչիւր մարդ պէտք է ի՛նք կատարէ իր ընտրութիւնը։ Ես պարզապէս անոնց կը փոխանցեմ իմ միտքերս, իմ կեանքիս փորձառութիւնները։ Թերեւս այդ մէկը անոնց օգնէ՞...
ՀԱՒԱՏ ԱՌ ԱՍՏՈՒԱԾ
՝՝ Խօսելով հաւատքի մասին Ազնաւուր ըսած է. ՜՜ Տարիքի հետ իմ հաւատքս պակսած է, բայց միաժամանակ հիմա աւելի մօտ եմ կրօնին, քանի որ մարդոց եմ աւելի մօտ։ Կրօնը իւրաքանչիւր ժողովուրդի մշակոյթին մէկ մասն է։ Պէտք չէ կրօնէն հրաժարիլ։ Ես կը փափաքիմ, որ հրաշալի օր մը յուդայականութեան, քրիստոնէութեան եւ մահմետականութեան հետեւորդները ընդհանուր լեզուով խօսին՝՝։
Մահէն կը վախնա՞ք հարցումին Հայազգի երգիչը ըսած է. ՜՜ Կը վախնամ այլեւս չապրելէն։ Ես արդէն չեմ համրեր իմ ծննդեանս օրերը։ Կը շարունակեմ երազել այն ամէնը, ինչ որ իմ զաւակներս կ'երազեն՝ դահոյկներով ու չմուշկներով սահիլ, ձիավարել, թենիս խաղալ... Իմ ուժերս, ի հարկէ, հետզհետէ կը նուազին։ Երիտասարդական տարիները շատո՜նց անցած են, մարմինը կը դաւաճանէ. առաջին դաւաճանը մարմինն է։ Ես այլեւս չեմ համրեր անցնող ամիսները, պարզապէս կապրիմ մնացած օրերս։ Երբ երիտասարդ էի, իմ ծրագիրներս կը հասնէին մինչեւ հորիզոն, իսկ հիմա՝ 86 տարեկանին, ատոնք տուեալ ակնթարթով կը սահմանափակուին՝՝։  







All the contents on this site are copyrighted ©.