2010-08-06 12:27:15

 ՀՀ Փոխվարչապետին Եւ Սփիւռքի Նախարարին Այցելութիւնը Բիւրական։


Հայաստանի փոխվարչապետ եւ տարածքային կառավարման նախարար Արմէն Գէորգեան եւ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, 5 օգոստոս 2010-ին այցելութիւն տուին ՀամաՀՄԸՄ-ական 9-րդ բանակումի մասնակիցներուն։ Անոնց կ՚ընկերակցէին , ՜՜Արի տուն՝՝ ծրագիրի մասնակիցները։

Հիւրերը բանակավայրի մուտքին ընդունուեցան ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ բանակումի խմբապետութեան կողմէ։ Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Կարպիս Գապասագալեան եւ Քարլոս Սեֆերեան բանակումի փողկապը փոխանցեցին փոխվարչապետին եւ նախարարին։ Ապա, պաշտօնական ընդունելութեամբ հիւրերը առաջնորդուեցան բանակավայր։

Հիւրերուն բարի գալուստի խօսք արտասանեց բանակումի ընդհանուր խմբապետ Օշին Փիրումեան նշելով որ բանակումի 5-րդ օրը հասած է իր աւարտին եւ մասնակիցները օրը անցուցած են սկաուտական մրցումներով։ Ապա խօսք առին Կեդրոնական վարչութեան սկաուտական ներկայացուցիչ Կարպիս Գապասագալեան եւ փոխվարչապետ Արմէն Գէորգեան։

Բանակումի ընդհանուր խմբապետը հրաւիրեց բանակումի փոխխմբապետն ու փոխխմբապետուհին, որպէսզի յայտարարեն երկիրներու ներկայացման (մշակոյթ, արուեստ, աւանդութիւններ) մրցումի արդիւնքները։ Առաջին հանդիսացաւ Սուրիոյ պատուիրակութիւնը, երկրորդ՝ Հայաստանի պատուիրակութիւնը եւ երրորդ՝ Լիբանանի պատուիրակութիւնը։ Յատուկ յուշանուէրներ յանձնուեցան յաղթական շրջաններուն։

Կատարուեցաւ դրօշակի արարողութիւն եւ, ՜՜Յառաջ նահատակ՝՝ քայլերգով աւարտեցաւ օրուան հիւրընկալութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.