2010-08-06 12:27:29

Հայկական Գորգերը Արտասահմանին Մէջ Կը Ճանչցուին Որպէս Կովկասեան եւ Թրքական. Կ'ըuէ Գորգագէտ Աշխունջ Պօղոսեան


Պատմական գիտութիւններու թեկնածու Աշխունջ Պօղոսեան 23 յունիս 2010-ին քննարկած է գորգագործութեան արդի խնդիրները։ Ան նշած է, թէ պատմական Հայաստանը եղած է գորգագործութեան մշակոյթի ձեւաւորման բնօրրաններէն մէկը եւ մեր երկիրը յայտնի եղած է իր գորգերով, սակայն գորգագործութիւնը լուրջ անկում կապրի այս վերջին տարիներուն։

Աշխունջ Պօղոսեան նշած է նաեւ, թէ՝ հիմնական պատճառը այն է, որ հայկական գորգի արտադրութեան ինքնարժէքը բարձր կ'ըլլայ, իսկ որոշ այլ երկիրներ, օգտագործելով հայկական նախշերը, կը ստանան աւելի ցած աշխատավարձ եւ շուկայ կ'իջեցնեն այդ արտադրութիւնները։ Այդ պատճառով ձեռագործ աշխատանքը շահեկան չէ գորգագործութեան բնագաւառին մէջ, եւ այժմ Հայաստանի մէջ խիստ նուազած են արտադրութեան նախկին ծաւալները, իսկ գտնուող արտադրանքը գրեթէ չի սպառիր ներքին շուկային մէջ եւ շուրջ 95 տոկոսը կը տարուի արտերկիր։ Կայ նաեւ այն, որ հայկական գորգերու մեծ պահանջ կայ շուկային մէջ, սակայն անոնք կը ճանչցուին որպէս կովկասեան եւ թրքական գորգեր։

Աշխունջ Պօղոսեանի խօսքերով՝ անհրաժեշտ է պահպանել մեզի հասած մշակութային այս մեծ ժառանգութիւնը եւ զարգացնել զայն։ Գոյութիւն ունի հայկական գորգերու հաւաքածոյ մը եւ անհրաժեշտ է, որ գորգերու թանգարան մը բացուի։ Գոյութիւն ունին գորգերու 10 աւանդական տեսակներ, որոնք շատ բարձրարժէք են։ Հայկական հնագոյն գորգը Ազիլիկն է, 2500 տարուան պատմութեամբ, որ յայտնաբերուած է Ալթայի մէջ, ըսաւ գորգագէտը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.