2010-08-05 11:53:37

Վատիկանի Միջկրօնական Երկխօսութեան Նախարարը Կը Խնդրէ Պայքարիլ Յարաբերականութեան Եւ Կրօնական Անհանդրժողութեան Դէմ:


''Աւելի Լայն Տեղ Տալ ՜՜Աստուծոյ՝՝ Որ Մարդիկը Իրարու Կը Մօտեցնէ Եւ Ոչ Թէ Կը Բաժնէ''։

Կարտինալ ժան Լուի Թորան` նախագահը միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդին, վերջերս գլխաւորած է Պանքոկի Սամբրան քաղաքին մէջ ՜՜կրօնները Ասիայի մէջ՝՝ հաւաքին։

Հռոմ վերադարձին ան ելոյթ ունեցած է Վատիկանի Օսսերվաթորէ Ռոմանօ կիսապաշտօն օրաթերթի հետ, եւ հաստատած՝ թէ պէտք է աւելի լայն տեղ տալ ՜՜Աստուծոյ ՝՝ որ մարդիկը իրարու կը մօտեցնէ եւ ոչ թէ կը բաժնէ, յարելով թէ երկու արգելքներ կան. առաջինը` յարաբերականութիւնը, իսկ երկրորդը անհանդրժողութիւնը։

Կարտինալ Թորանի գնահատումով յառաջդիմութիւնը կը նահանջէ ամէն անգամ որ անհատ մը սպաննուի կրօնի դրդապատճառով։ Վերոյշեալ հաւաքին նպատակն է քննարկել կաթողիկէ հաւատացեալներու կապը այլ կրօներու հաւատացեալներու հետ։ Խօսելով Միջին Արեւելքի (Հոկտեմբերին) Հռոմ կատարուելիք սիւնոդոսի մասին, կարտինալ Թորան երաշխաւորած է թէ երկխօսութիւնը կրօններու միջեւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առօրեայ իրադրութիւնն է, այդ աշխարհամասին մէջ, ընդգծելով որ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները տեղւոյն քաղաքացիներն են, անոնք ապաստան չեն խնդրեր։ Հուսկ կարտինալ Թորան հաստատած է թէ Ս. Երկրին մէջ միաստուածեան երեք կրօնները պէտք է որ ըլլան ճշմարիտ աշխատավայրը երկխօսութեան։







 








All the contents on this site are copyrighted ©.