2010-08-05 11:52:50

ԿՐՕՆԱԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ

Մարմնաւոր Եւ Հոգեւոր Ցանկութիւն


Հոգւոյ եւ մարմնոյ միջեւ մղուած պայքարին մէջ` մարմինը դէպի րիեն կը քաշէ հոգին, զայն կը հրապուրէ, կը յուզէ եւ կը կախարդէ, կը խոստանայ իրականացնել իր արդար պահանծքները, ջանալով համոզել թէ անմիջապէս նիւթական աշխարհի մէջ կարող է յագեցնել իր բոլոր ձգտումները։

Յաճախ հոգին ինքզինք կը թողու եւ առանց դիմադրութեան կը հետեւի մարմնին։ Բարեբախտաբար սակայն երբեմն կը զգաստանայ եւ կը զգայ թէ խաբուած է մարմնէն. Ուստի եթէ տակաւին շատ ուշ չէ, կը ստիպէ մարմինը իրեն հնազանդելու եւ հետեւելու հոգեւոր բարիքներու էական փնտռտուքին մէջ։

Առնենք շատակերի մը պարագան. Համեղ ճաշերու առջեւ` ինքզինք կը մոռնայ ու ամէն տեսակ նիւթական հաճոյքի մէջ նետուելով` կը ջանայ որքան կարելի է շատ ուտել, յագեցնելու համար ոչ թէ իր անօթութիւնը այլ իր աչքը եւ կոկորդը. Հոգին կը հետեւի մարմնին, մինչեւ որ այս վերջինը սկսի անհանգիստ ըլլալ եւ զղջալ այդքան շատակեր եղած ըլլալուն համար։ Նոյնը կարելի է ըսել մարմնաւոր հաճոյքէն տարուած անձերուն համար, որոնք, յագեցնելէ ետք իրենց բոլոր ցանկութիւնները, կը զգան թէ այս բոլորը պարապ էր եւ մարմնաւոր հաճոյքը չի կրնար լեցնել հոգւոյ անսահման պահանջքները։

Մարդս ստեղծուած է իր երջանկութիւնը Աստուծոյ մէջ գտնելու համար։ Երբ սկսի նիւթականին մէջ փնտռել իր յագեցումը, անմիջապէս կը զգայ թէ սխալ ճամբայ մը առած է. Կը փնտռէ ելքի ճամբայ մը, ովասիս մը որ իրեն պիտի շնորհէ դարձեալ սրտի հանդարտութիւն եւ խաղաղութիւն։

Հոգին ալ ունի իր կարգին իր ցանկութիւնները եւ կրնայ գտնուիլ վտանգին մէջ ամէն բան հոգեւորի դարձնելու, ձերբազատուելով մարմնի պահանջները. Սակայն մարմինը պէտք է գոհացում տայ իր կարգ մը պահանջներուն, այլապէս, մարմինը տկարանալով` մեծ վտանգ կայ որ հոգին եւս տկարանայ։

Արդեօք հոս ալ պէտք չէ՞ աստուածային մէկ միջամտութիւն մը որ ամէն ինչ ընթանայ համընթաց ու կարգաւոր կերպով։ Մարմնի ու հոգիի պայքարին ճշմարիտ լուծումը ուրիշ բանի մէջ չի կայանար եթէ ոչ` Աստուծոյ մէկ տուած ուժի մը նփրգործութեան մեր մէջ, որու մասին պիտի խօսինք հետագային եւ որ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ` շնորհքը։

Որպէսզի ամփոփենք այս բոլոր ըսուածները, կարելի է եզրակացնել հետեւեալ ձեւով. Մարդը, իր բնական վիճակին մէջ, էակ մըն է որ բաղկացած է նիւթէ շւ հոգիէ, ան ենթակայ է տգիտութեան, չարչարանքի, մահուան. Ան քաշքշուած է ասդիէն անդիէն զանազան ձգտումներէ, որոնք ընդհանրապէս լաւ են, պայմանաւ որ ներդաշնակ համաձայնութիւն մը գոյանայ ընդմէջ հոգւոյն եւ մարմնին։

ԱՍտուած յանձնած է մարդուն պաշտօն մը այս երկրին վրայ. Ան պարտի կարգաւորել եւ ծաղկեցնել իր բոլոր ձգտումները ըլլալ անձնաւորութիւն մը եւ ոչ թէ մէկը որ անսանձ կերպով միայն կը մտածէ իր ախորժակները յագեցնել։

Ան իր մէջ պէտք է ամբողջացնէ Արարչին գործը եւ զայն հասցնէ իր լրումին, առանց զոհելու մարմինը հոգիին, կամ հոգին` մարմնոյն։

Ասոր համար հարկ է որ իրագործենք, մեր կեանքին մէջ, սքանչելի համադրութիւն մը։ Ընդհանրապէս կը կարծենք որ մարմին եւ հոգի իրարու դէմ պայքարի մէջ կը գտնուին, սակայն այս պայքարը երեւութային է. Իրականութեան մէջ անոնք կը ձգտին իրարու համադրուելու եւ այսպէս կատարելու Աստուծոյ կամքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.