2010-08-05 11:55:19

Արցախի նախագահը Կ՛ընդունի Հայաստան Հիմնադրամի Ֆրանսայի Մասնաճիւղի Տնօրէնը։


Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան նախանցեալ օր ընդունած է ,Հայաստան համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ, հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղի տնօրէն Պետրոս Թերզեանը։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ,Հայաստան համահայկական հիմնադրամին կողմէ իրականացուող ծրագիրներուն վերաբերող հարցեր։

Նախագահ Բակօ Սահակեան գնահատած է Արցախի մէջ հիմնադրամին կատարած աշխատանքը՝ զայն նկատելով ինչպէս Արցախի ընկերային-տնտեսական զարգացումը խթանող, այնպէս ալ Հայաստան-սփիւռք կապերը ամրապնդող օղակներէն մէկը։

Հանդիպումէն ետք նախագահ Սահակեան Թերզեանի հետ մեկնած է Շուշի եւ ծանօթացած՝ հիմնադրամին կողմէ այդտեղ իրականացուող աշխատանքներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.