2010-08-05 11:56:08

 Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Ցաւ Յայտնեց Նախանցեալ Օր Ինկած Լիբանանցի Զոհերուն Համար


Մարոնիներու Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան ազգային եւ կրօնական հարցեր։

Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ մարոնի եպիսկոպոսները ցաւ յայտնեցին նախանցեալ օրուան դէպքերուն ընթացքին զոհուած լիբանանցիներուն համար։

Անոնք նկատել տուին, որ Լիբանանի թշնամիները միշտ կ՚ուզեն չարիք հասցնել անոր, ինչպէս նաեւ կը փափաքին Լիբանանը մնայուն ապակայունութեան ենթարկել։

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն իրենց միասնականութիւնը զօրացնելու եւ միակամութեամբ Լիբանանի սպառնացող փորձանքներուն դէմ դնելու։

Մարոնի եպիսկոպոսները դրուատեցին արաբ ղեկավարներուն Լիբանան այցելութիւնը՝ դիտել տալով, որ անոնք առաւելագոյն չափի գուրգուրանք ցուցաբերեցին Լիբանանի խաղաղութեան եւ կայունութեան նկատմամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.