2010-08-04 12:16:27

Հայկազեան Համալսարանին Մէջ Միամսեայ Դասընթացք՝ Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութեան Աշխատակիցներուն Համար- Պէյրութ /Լիբանան։


Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի ժողովասրահին մէջ 30 յուլիս 2010-ին, տեղի ունեցաւ փակման հանդիպումը յատուկ այն ծրագիրին, զոր կազմակերպեց եւ ծրագրեց Հայկազեան համալսարանը՝ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցներուն համար: Հանդիպումին հրաւիրուած էին բոլոր անոնք, որոնք իրենց բաժինը բերած էին ծրագիրի իրագործումին մէջ: Ներկայ էին նաեւ Հայկազեան համալսարանի խնամակալութեան անդամներ եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի լիազօր ու արտակարգ դեսպան Աշոտ Քոչարեան:

Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցներէն Կրեթա Մնացականեան եւ Մարիաննա Գէորգեան յուլիս ամիսը անցուցին Լիբանանի մէջ, եւ հետեւեցան Հայկազեան համալսարանին կողմէ պատրաստուած յատուկ խտացեալ յայտագիրի մը, որուն ընդմէջէն անոնք ծանօթացան Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Լիբանանի հայութեան հարցերուն, իրավիճակներուն եւ այլազան տեսակի գործունէութիւններուն: Հայկական հաստատութիւններու եւ անձնաւորութիւններու տրուած այցելութիւններու կողքին, անոնք Հայկազեան համալսարանին մէջ հետեւեցան տասնհինգ յատուկ դասախօսութիւններու՝ ներկայացուած գաղութի ականաւոր դէմքերու կողմէ:

Բացման խօսքը արտասանեց համալսարանին գրադարանապետ Սոնիա Սիսլեան, որ յայտագիրին գործադրութեան վերահսկիչն էր, եւ տուաւ նկարագրականը ծրագիրին՝ յիշելով բոլոր մասնակցող դասախօսներուն անունները՝ դոկտ. Արտա Էքմեքճի, դոկտ. Արշալոյս Թոփալեան, դոկտ. Մովսէս Հերկելեան, Վերա Եագուպեան, Սիւզի Սեմերճեան, Ռոզեթ Ալեմեան-Մահսերեճեան, Անայիս Ֆերմանեան, Ժիրայր Դանիէլեան, Պարոյր Աղպաշեան, Յակոբ Լատոյեան, Մարուն Սալհանի, Անդրանիկ Տագէսեան, տոքթ. Յովհաննէս Թասլաքեան եւ վեր. Կրեկորի Լի-Փարքըր: Համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան շնորհակալութեան եւ գնահատանքի խօսքեր ուղղեց ծրագիրին յաջողութեան մէջ իրենց բաժինը բերողներուն, սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին՝ բարձր գնահատելով նաեւ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցներուն լրջօրէն ծրագիրին հետեւիլը, նշելով, որ ծրագիրը կը միտէր հայկական իրականութիւնը պարզել. ան շեշտեց նաեւ այն, որ Հայկազեան համալսարանի մէկ բնական դերն ալ ճիշդ ա՛յս է՝ գործակցիլ հայկական բոլոր իրականութիւններուն հետ, եւ զանոնք զարգացումի առաջնորդել՝ անոնց միջեւ կամուրջ հանդիսանալով, եւ հզօր Հայաստանի տեսիլքով շեշտել կարեւորութիւնը ամէն մէկ հայու բարձրորակ պատրաստութեան: Ապա վեր. դոկտ. Հայտոսթեան յանձնեց յատուկ վկայագիրներ՝ Կրեթա Մնացականեանին եւ Մարիաննա Գէորգեանին, որոնք արտասանեցին իրենց սրտի խօսքը՝ անդրադառնալով ծրագիրին իրենց վրայ դրած պատասխանատուութեան: Անոնք խօսեցան Լիբանանի առնչուած իրենց տպաւորութեանց, գոհունակ եւ տեղեկութիւններով ճոխացած հայրենիք վերադառնալու, ինչպէս նաեւ՝ շրջանի քաղաքական, մշակութային, կրթական, լրատուական, ընկերային եւ կրօնական կազմուածքին մօտէն ծանօթացած ըլլալնուն մասին: Հուսկ ապա, Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան ելոյթ ունեցաւ գնահատական խօսքերով եւ դրուատեց ծրագիրն ու Հայկազեանի դերը անոր իրագործման մէջ: Ան նշեց, որ ծրագիրին յաջողութեան գաղտնիքը կը կայանայ երկկողմանի գործակցութեան մէջ՝ յոյս յայտնելով, որ ապագային եւս այս գործակցութիւնը շարունակուի ի խնդիր մայր հայրենիքի բարգաւաճման:








All the contents on this site are copyrighted ©.