2010-08-04 12:09:38

Էջ Մը Հայ Գրականութենէն

Շահան Շահնուր (19031974). Տարագիր Հայու Նահանջին Երգը Անմահացնող Տաղանդը։


Հայազգի գրող Շահան Շահնուր եղած է ամբողջ սերունդի մը ողբերգութեան բանբերը, 3 Օգոստոսը անոր ծննդեան տարեդարձն է։

Ան ծնած էր Պոլիս, 1903ին, Շահնուր Քերեսթէճեան աւազանի անունով։ Նախնական կրթութիւնը թաղի ազգային վարժարանին մէջ ստանալէ ետք, աւարտած էր Պէրպէրեան վարժարանը, 1921ին։

81 տարի առաջ հրատարակուած իր գլուխգործոց ՜՜Նահանջը առանց երգի՝՝ վէպով՝ Շահնուր ոչ միայն դարաշրջան բացաւ հայ գրականութեան մէջ, այլեւ՝ ամէնէն բուռն եւ դասական հնչեղութեամբ ահազանգը հնչեցուց հայոց ազգային ճակատագիրը տագնապեցնող գլխադիր վտանգին դէմ, այլասերման ու ապահայացման, օտարացման եւ ի վերջոյ ձուլման ծանրագոյն աղէտին դէմ։

Որքան իր սեփական տուայտանքին, նոյնքան եւ աւելիով ամբողջ սերունդի մը ողբերգութեան բանբերը եղաւ Շահնուր եւ ՜՜Շահնուրեան՝՝ այս ահազանգը սթափեցուց ամբողջ սերունդներ եւ անոնց մէջ վառեց հայկականութեան ծանր ժառանգը միշտ Արարատն ի վեր բարձրացնելու՝ իյնալով եւ վար գլորելով հանդերձ վերստին կանգնելու եւ դժուարին մագլցումը վերսկսելու պայքարունակ ոգին, յար ու նման յունական առասպելի Սիզիֆին, որ երբեք չհաշտուեցաւ իրեն վիճակուած անկումներուն հետ եւ անխոնջ շարունակեց իր ուսերուն շալկած ժայռը մինչեւ գագաթ բարձրացնելու անվերջ մագլցումը։

Հազիւ 26 ամեայ Շահնուրին պատգամը, ՜՜Նահանջը առանց երգի՝՝ իր վէպով հայ գրականութեան մէջ բարձունք նուաճեց եւ յաւերժութեան արժանացաւ։

Շահնուր, 1923ին, Թուրքիոյ մէջ քեմալականութեան վերջնական հաստատումէն ետք, իր սերնդակից հայ գրողներէն շատերու պէս, ինք եւս իր կարգին հեռացաւ Պոլիսէն։ Հաստատուեցաւ Փարիզ, ուր նկարչատան մը մէջ աշխատելու կողքին, թափով նուիրուեցաւ գրականգեղարուեստական ստեղծագործութեան։ Երբ 1929ին, Փարիզ լոյս տեսնող հայկական ՜՜Յառաջի՝՝ մէջ իբրեւ թերթօն տպուելէ ետք, առանձին հատորով լոյս տեսաւ Շահնուրի ՜՜Նահանջը առանց երգին՝ գործը ՜՜Պատկերազարդ Պատմութիւն Հայոց՝՝ վերտառութեամբ, Վազգէն Շուշանեան արդէն իր դպրոցը ստեղծած էր սփիւռքեան գրականութեան մէջ՝ հայրենի հողին կարօտն ու պաշտամունքը, հայկականին համն ու բուրմունքը եւ հայեցիութեան արմատական արժէքները իբրեւ մէկ ու ամբողջական պատգամ առաջնորդող դրօշի վերածելով։ Շահնուր եկաւ իր ուրոյն հորիզոնը բանալու՝ թէ ՛ գրականութեան, եւ թէ ՛ մտածողութեան առումներով։ Ուզեց եւ յաջողեցաւ բանալ հոգեկան ամբողջ աշխարհը հայրենի հողէն արմատախիլ եղած հայ մարդոց, որոնք օտար ափերու վրայ դատապարտուած են անխուսափելիին՝ այլասերման ու օտարացման, ուծացման եւ ի վերջոյ ձուլումին։

Շահնուր 1933ին լոյս ընծայեց իր երկրորդ հատորը ՜՜Յարալէզներու դաւաճանութիւնը՝՝ անունով պատմուածքները, որոնք հայերէնով գրուած իր արձակին կարապի երգը եղան երկար ժամանակաշրջանի մը համար։ 1937ին ան ոսկորախտ ունեցաւ, որ շատ արագ իր աւերը գործեց երիտասարդ Շահնուրի կեանքին մէջ, ֆիզիքապէս անկարողութեան մատնեց եւ մինչեւ մահ ցաւն ու տառապանքը բաժին հանեց Շահնուրի։ 1939ին, սեփական տունէ ալ զրկուած, ան ինկաւ հիւանդանոցները։

1945ին, մասամբ ապաքինած իր հիւանդութենէն, Շահնուր սկսաւ ֆրանսերէնով ստեղծագործել՝ Արմէն Լիւպէն գրչանունով։ Յաջորդաբար լոյս ընծայեց Կրակ կրակի դէմ, Օտարականը, Աննկատ անցորդը եւ Գիշերային փոխանցում վէպերը, ինչպէս նաեւ բանաստեղութեանց երկու հատորներ, որոնք գրական մրցանակներու արժանացուցին զինք։

Բայց հայերէնով ստեղծագործելու հայ գրողի իր կոչումին հետ կապը բնաւ չխզեց Շահնուր, հակառակ որ արդարօրէն դառնացած էր հայ գրողին նկատմամբ հայ իրականութեան մէջ դրսեւորուած վերաբերումէն։ 1960ականներուն վերստին սկսաւ լոյս ընծայել հայերէնով գործեր՝ Ազատն Կոմիտաս, Թերթիս կիրակնօրեայ թիւը, Երկու կարմիր օրատետր եւ ուրիշներ։

Եւ շարունակեց իր պայքարը անողոք հիւանդութեան դէմ, մինչեւ որ 1974ի Օգոստոս 20ին, Սէն Րաֆայէլ հիւանդանոցին մէջ, առյաւէտ փակեց իր աչքերը։

Դժբախտ կեանք ունեցաւ Շահնուր՝ հակառակ ի վերուստ իրեն շնորհուած մեծ տաղանդին եւ սեփական ժողովուրդի ցաւով ու ճակատագրով տառապելու հոգեկան մեծութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.