2010-08-03 12:06:38

''Ծիծեռնակ-միջնաբերդ խաղաղութեան'' կազմակերպութեան այցը Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքին


Յուլիս 29ին ''Ծիծեռնակ-միջնաբերդ խաղաղութեան'' կազմակերպութիւնը շրջապատոյտ կատարելէ ետք հարաւային Կովկասը Իսդանպուլ հասած է եւ այցելած Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքը` գերերջանիկ Բարդողոմիոս Ա։ Պատրիարքը խստիւ դատապարտած է ծայռայեղ կրօնամոլութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը քաջալերած է վերոյիշեալ ընկերակցութեան հասարակաց կեանքն ու երկխօսութիւնը։ Յայտնենք թէ այդ ընկերակցութեան նպատակն է առիթ տալ զանազան երկիրներու ուսանողներու փոխադարձ կեանքի մը ապրումը։ Պատրիարքը իր խնդակցութիւնը յայտնած է որ այս ընկերակցութիւնը կ'ապրի համակեցութեան ու երկխօսութեան կեանք մը եւ միասնաբար կը գործէք նոր սերունդ մը պատրաստելու համար։ Մեր աղօթքն է որ վաղուան կեանքը աւելի լաւ ըլլայ քան այսօրուան կեանքը։ Աշխարհը կարիքը ունի նման երիտասարդներու բացականչած է պատրիարքը։ Հուսկ ան կոչ ըրաւ ապրելու խաղաղութեան ու հասարակաց կեանքի իտեալները մատնանշելով թէ մեր օրթոտոքս պատրիարքութիւնը կ'աշխատի եւ կ'աղօթէ մասնաւորապէս Յունաստանի ու Թուրքիոյ խաղաիւթեան համար։ Մեր պատրիարքութիւնը կ'ուզէ ըլլալ կամուրջ մը այս երկու երկիրներու համար։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.