2010-08-03 12:06:13

Եկեղեցի Սպասարկող Տասնեակ Հազարաւոր Դպիրներու Ուխտագնացութիւնը' Հռոմ:


Երեքշաբթի երեկոյեան Եւրոպայի զանազան երկիներէն ժամանող աւելի քան 53 հազար դպիրներ Ս. Պետրոս հրապարակը կը համախմբուին, անոնք նախ համերգ մը պիտի տան, ապա պիտի մասնակցին երեկոյեան` ժամասացութեան, հուսկ խօսք պիտի առնէ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը։

Չորեքշաբթի որը՝ 4 օգոստոսին, դպիրները պիտի մասնակցին Սրբազան Քահանայապետին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան։ Անոնց նախագահը զուիցերիացի գերպայծառ Մարթէն Կաշդեր յանուն դպիրներուն ողջոյնի խօսք մը պիտի ուղղէ Սրբազան Հօր եւ անոր պիտի նուիրէ ճերմակ դաշկինակ մը։ Ունկնդրութեան աւարտին դպիրները համերգով մը պիտի մեծարեն Սրբազան հայրը, ընկերակցութեամբ՝ Համպուրկէն եկած նուագախումբին։

Յայտնենք թէ ՜՜խորանը սպասարկող դպիրներու ընկերակցութիւնը՝՝ այս տարի կը տօնախմբէ իր հաստատութեան 50-ամեակը։ Աւելի քան 53 հազար դպիրները կու գան Եւրոպայի 17 երկիրներէն։ Ս. Պետրոսի հրապարակը զետեղուած սուրբ Դարչիզիոսը` պաշտպան սուրբը դպիրներուն, երկու տարի առաջ մեկնեցաւ Զուիցերեայէն, եւ Եւրոպայի զանազան երկիրները այցելելէ ետք Հռոմ հասաւ։ Այս մեծ արձանը կը խորհրդանշէ դպիրներու ՜՜ փոքր-մեծ սպասարկութիւնը՝՝։ Ս. Դարչիզիոսը պատգամաբեր մըն է եւ կը հրաւիրէ մարդիկը ծառայելու Աստուծոյ ու մարդկանց ամենայն ուրախութեամբ։ Հռոմի Աբիա Անդիգա փողցին վրայ, Ս. Գալիսդոյի գետնադամբանին մօտ, ( կ'ենթադրուի թէ անիկա վայրն է Սուրբին նահատակութեան) պիտի զեղետուի Ս. Դարչիզիոսի պրոնզէ արձանը, նուիրուած աշխարհի բոլոր դպիրներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.