2010-08-02 12:34:26

ՌՈՒՍԱԿԱՆ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ԽԱՐԻՍԽԸ ՊԻՏԻ ԱՊԱՀՈՎԷ ՆԱԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ։


Ռուսիա եւ Հայաստան պիտի ստորագրեն արձանագրութիւն մը, որով փոփոխութիւններ պիտի կատարեն Հայաստանի մէջ ռուսական զինուորական խարիսխներու վերաբերեալ համաձայնագիրին մէջ։ Ռուսիոյ կառավարութիւնը կայքէջին վրայ տեղադրած է նախագահին ուղղուած առաջարկներու մասին որոշումը։

Այս արձանագրութեան նախագիծին մէջ մասնաւորաբար կը նշուի, որ Հայաստանի տարածքին ռուսական զինուորական խարիսխը, Ռուսիոյ շահերը պաշտպանելու գործառոյթը իրականացնելէ բացի, Հայաստանի զինեալ ուժերուն հետ միասին կ՚ապահովէ այդ հանրապետութեան անվտանգութիւնը։ Նախագիծին մէջ նաեւ կը նշուի, որ այդ նպատակներուն հասնելու համար Ռուսիա «կ՚աջակցի Հայաստանը ժամանակակից եւ համատեղելի զինատեսակներով, զինուորական յատուկ արհեստագիտութեամբ ապահովելու գործին մէջ։ Փաստաթուղթին համաձայն, ռուսական զինուորական խարիսխի զինուորական կազմաւորումներուն օգտագործումը կ՚իրականացուի կողմերու փոխադարձ համաձայնութիւններու, 15 մայիս 1992-ին կնքուած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրին, Բարեկամութեան մասին համաձայնագիրին 1997 թուականին Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ կնքուած համագործակցութեան եւ փոխօգնութեան մասին համաձայնագիրին եւ կողմերու օրէնսդրութիւններուն հիման վրայ։Ատկէ բացի, նախագիծին մէջ կ՚առաջարկուի համաձայնագիրի 26-րդ յօդուածը հետեւեալ կերպով ձեւակերպել. «Համաձայնագիրը կը գործէ 49 տարի եւ կ՚երկարաձգուի յաջորդ հնգամեայ ժամանակաշրջաններուն համար, եթէ կողմերէն մէկը հերթական ժամկէտին աւարտէն ոչ պակաս, քան 6 ամիս առաջ գրաւոր կերպով չի տեղեկացներ համաձայնագիրը դադրեցնելու իր մտադրութեան մասին»։








All the contents on this site are copyrighted ©.