2010-08-02 12:33:16

Կարտինալ Քասբերին համար Եւրոպան պէտք ունի օրթոտոքս եկեղեցւոյ։


Լիւտերական համաշխարհային Դաշնակցութեան ժողովին մասնակցելով՝ կարտինալ Քասբեր, երբեմնի նախագահը քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդին, յայտարարած է թէ Եւրոպայի միութեան իրականացումին համար Եւրոպան պէտք ունի օրթոտոքս եկեղեցւոյ։ Արդարեւ առանց օրթոտոքս եկեղեցւոյ համամիութենական երկխօսութեան ու նպաստին անկարելի է իրագործել Արեւմտեան ու Արեւելեան Եւրոպայի կատարեալ միութիւնը, յայտարարած է կարտինալ Քասբեր Սթիւդկարտի մէջ, ուր կը մասնակցի Լիւտերական համաշխարհային Դաշնակցութեան ժողովին։ Արեւելեան Եւրոպական մշակոյթը դրոշմուած է օրթոտոքս եկեղեցւոյ հաւատքով։ Էական է կաթողիկէ եւ օրթոտոքս եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութիւնը։ Այսօրուան կրօնական հարցերը դաւանական խնդիրներէն աւելի մշակութային են։ Արեւմուտքի մէջ ունինք միեւնոյն մշակոյթը, միեւնոյն քաղաքացիութիւնը եւ միեւնոյն մտայնութիւնը։ Օթոտոքս հաւատացեալներուն համար, մշակոյթը տարբեր է եւ հարկաւոր է յաղաթահարել այդ տարբերութիւնները։ Հուսկ կարտինալ Քասբեր դիտել տուաւ թէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի ընտրութեամբ 2006ին կաթողիկէ եւ օրթոտոքս եկեղեցիներու միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւուած են, եւ բազմաթիւ կլոր սեղաններ, դիմագրաւած են ՜՜քահանայապետի գլխաւորութեան՝՝ փշոտ հարցը։








All the contents on this site are copyrighted ©.