2010-08-02 12:33:30

 Սկովտիայի այցելութեան պահուն, Քահանայապետը պիտի ընդունուի բողոքական վերանորոգիչէն։


Սեպտեմբեր 16ին` առաջին օրը Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին առաքելական ճամբորդութեան, տողանց մը պիտի կատարուի Էտիմբուրկի մէջ, Սրբազան Հօր ի պատիւ։ Այդ բացառիկ տողանցը կը գլխաւորէ վերանորոգիչ Ճոն Քնոքս, յայտնած է Սքովտիայի կաթողիկէ եկեղեցւոյ բանբերը` հայր Բեդըր Քիրնէյ, յարելով թէ այդ տողանցով սկիզբ պիտի տրուի Սրբազան Հօր չորս օրուայ Անգլիա այցելութեան։

Այդ օրը Սուրբ Նինեանի տօնախմբութեան օրն է։ Նինեան Սկովտիայի բոլոր քրիստնեաներէն ու բնակիչներէն յարգուած սուրբ մըն է։ 2010 տարին կը զուգադիպի Սքովտիայի բողոքական վերանորոգիչ եկեղեցւոյ տարեդարձին , դէպք մը որ պատճառ եղաւ խզումի Հռոմէական Եկեղեցւոյ հետ։ Ի կարգին վերապատուելի Ճոն Քրիսդի դիտել տուաւ թէ Սկովտիայի մէջ ՜՜տարբերութիւնը՝՝ քրիստոնեայ համայնքին միջեւ պատճառ եղած է տօնախմբութիւններու եւ ոչ թէ բաժանումի ու պայքարի, ասիկա նշան է երկրին առողջ վիճակին։ Յայտնենք թէ Անգլիոյ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հաղորդակցութեան պատասխանատուները նոր կայք մը բացած են ''Սրբազան Քահանայապետը Անգլիոյ մէջ'' վերտառութեամբ։ Այդ կայքին մէջ մանրամասնօրէն նկարագրուած է Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի առօրեայ յայտագիրը։

Այսպէս կը կարդանք կայքին մէջ. Սրբազան Հայրը նախ Սկովտիա կը հասնի` 16 սեպտեմբերին, ուր պիտի ընդունուի Եղիսաբէթ Բ թագուհիէն։ Յաջորդ օրը հանդիպում պիտի ունենայ Տոքթոր Ռուան Ուիլիամսին հետ` առաջնորդը Քանթերպուրիի եւ գահերէցը անկլիգան եկեղեցւոյ։ Կիրակի 19 սեպտեմբերին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը երանելի կը հռչակէ կարտինալ Ճոն Հենրի Նիուման 1808-1890, որ 1845ին կը հեռանայ անկլիգան եկեղեցիէն եւ կաթողիկէ կը դառնայ։ Սրբազան Քահանայապետի այս պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ Սրբազան Հօր առաքելական ճամբորդութեան բոլոր մանրամասնութիւնները եւ կը պատկերասփռէ կարճ եզրատեսիլներ ''Վիտէօ Գլիբ''եր վերոյշեալ դէպքերու մասին։ կայքը պատրաստուած է լոկ անգլերէն լեզուով։ Հասցէն. http://www.thepapalvisit.org.uk








All the contents on this site are copyrighted ©.