2010-08-01 14:48:23

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը ։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը ։ կիրակի օգոստոս 1, Երրորդ կիրակի վարդավառի` Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց, '' ԳասթելԿանտոլֆօ'' քահանայապետական ամառանոցէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ, նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Այսօրուան աւետարանը մեզի կը սորվեցնէ հետապնդել ճշմարիտ իմաստութիւնը հարցադրելով ունենալու, կարողանալու եւ գիտնալու ճշմարիտ նշանակութեան մասին։ Հարստութիւնը եթէ նկատուի որպէս նպատակակէտ կը դադրի հարկաւոր միջոց մը ըլլալէ արդար ու արժանաւոր կեանք մը ապրելու համար։ Ապա Նորին Սրբութիւնը ըսաւ թող ''Ամենասուրբ Կոյս Մարիամի միջամտութիւնը եւ Սուրբ Ալֆոնսոսի բարեխօսութիւնը օգնեն մեզի մեր ունեցած բարիքները գործածելու ի նպաստ աստուածային արարչագործութեան բարիքին եւ սատարելու օգնութեան հասնելու կարօտեալներուն եւ չքաւորներուն''։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց ներկաներուն յիշեցնելով թէ օգոստոս 5ին եկեղեցին կը վերակոչէ Տիրամօր աւագ եկեղեցւոյ նուիրումի տարեդարձը։

իսկ օգոստոս 6 Աստուածակերպութեան տօնը եւ մահուան տարեդարձը Աստուծոյ ծառայ Պօղոս Զ Քահանայապետին մահուան տարելիցն է։

Աղօթքս է, ըսաւ Սրբազան Հայրը իր խօսքը եզրափակելով, որ աւելի ժամանակ գտնենք, մասնաւորապէս արձակուրդի այս շրջանին, կարդալու Ս. Գիրքը եւ խորհրդածելու Աստուծոյ խօսքին վրայ։ Աստուծոյ խօսքը մեր հոգիին ճշմարիտ սնունդն է, եւ վերակենդանացուցիչ ոյժը մեր կեանքին։

Սրբազան հայրը իր խորհրդածիութիւնը եզրափակեց ըսելով. Ձեզի ամէնուդ կը մաղթեմ բարի կիրակի։








All the contents on this site are copyrighted ©.