2010-08-01 09:22:22

Ուխտագնացութիւն՝ Ս. Թադէի վանք


Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս իրանահայ համայնքը նշեց Ս. Թադէոս առաքեալի եւ Ս. Սանդուխտ կոյսի տօնը, միօրեայ ուխտագնացութեամբ դէպի Ս. Թադէի վանք գլխաւորութեամբ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգսեանի, եւ ընկերակցութեամբ իրանահայ համայնքէն, Հայաստանէն եւ սփիւռքահայ այլ գաղթօճախներէ հիւրեր եւ ուխտաւորներ։

Ս. պատարագի ընթացքին թեմակալ առաջնորդը քարոզեց հաւատացեալ ժողովուրդին համար։ Տեղի ունեցան՝ հաւաքական խոստովանանք, Ս. Հաղորդութիւն, ջրօրհնէք եւ թափօր՝ Ս. Ստեփանոս Նախավկայի աջի մասունքով։ Օրուայ կրօնական արարողութիւններու աւարտին տեղի ունեցան մկրտութիւններ եւ պսակադրութեան արարողութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.