Ոչ Եւս է Հայազգի ժողովրդական երգչուհի Արաքս Դաւթեան։
Մոսկուայի մէջ իր մահկանացուն կնքեց անուանի երգչուհի, Հայաստանի ժողովրդական արտիստ
Արաքս Դաւթեանը։ Քնարերգ-սոփրանոն երգած է աշխարհի աւելի քան 120 հեղինակաւոր համերգային
դահլիճներու մէջ։ Ան նաեւ հիանալի մանկավարժ էր։ Դասաւանդած է Կոմիտասի անուան պետական
երաժշտանոցին մէջ, նաեւ Մոսկուայի մէջ, ուր աշխատած է մինչեւ կեանքի վերջը։
Նշենք,
որ հանգուցեալին մարմինը Հայաստան տեղափոխելու եւ յուղարկաւորելու նպատակով ՀՀ վարչապետի
որոշմամբ պետական յանձնաժողով ստեղծուած է։