2010-08-01 09:22:42

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս. ԶԱԳԳԱ Ա. ԻՈՒԱՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ


Հինգշաբթի, 29 յուլիս 2010-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս այցելութիւն տուաւ ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ՝ Զագգա Ա. Իուաս պատրիարքին՝ Պիքֆայայի հայոց վանքին դրացնութեան մէջ գտնուող Աթշանէի ասորիներու վանքին մէջ:

Ընդունելով հայոց հայրապետը՝ Զագգա պատրիարք յատուկ հանդիպում ունեցաւ վեհափառին հետ՝ քննարկելով յատկապէս Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի աշխատանքները: Առկախ ծրագիրներու գործադրութեան ժամկէտները քննարկելով՝ վեհափառը եւ պատրիարքը խօսեցան մասնաւորաբար որոշ աշխատանքներու մասին, որոնք վերադասաւորման կարիք ունին:

Հանդիպման ներկայ գտնուեցան նաեւ ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ գերագոյն սինոտի անդամ եպիսկոպոսները:








All the contents on this site are copyrighted ©.