2010-07-31 11:22:18

ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՆԱԽԱՁԵՌՆԷ, ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԾՐԱԳԻՐԸ


Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը կը փորձէ նոր ձեւեր գտնել սփիւռքի հետ գործակցելու համար։ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ''Պետութիւն-սփիւռք գործակցութեան զարգացման հեռանկարները'' խորագիրով կլոր սեղան-քննարկումին ընթացքին նշեց, որ իրենք կ՚ուսումնասիրեն որեւէ երկրի փորձ, որմէ եզրակացութիւններ կը կատարեն, թէ ի՛նչ ծրագիրներ, ի՛նչ ձեւեր կան, զորս կարելի է հաշուի առնել՝ պետութիւն-սփիւռք համագործակցութիւնը խորացնելու համար։

Անդրադառնալով սփիւռքահայերու ձուլման վտանգին՝ Հրանուշ Յակոբեան նշեց, որ այդ վտանգին դէմ դնելու համար սփիւռքահայերը պէտք է յաճախ հայրենիք այցելեն եւ զգան հողին ուժը։ Ըստ անոր, նախարարութեան խնդիրն է՝ աւելի մեծ ծրագիրներ իրականացնել սփիւռքահայ երիտասարդներուն հետ, եւ այդ նպատակին պիտի ծառայէ, Համահայկական երիտասարդական խորհրդարանը, որ պիտի հրաւիրուի մօտ ապագային։








All the contents on this site are copyrighted ©.