2010-07-31 07:15:55

Կիրակնօրեայ Աւետարանը


Կիրակի 1 օգոստոս 2010 - Գ Կիրակի զկնի Վարդավառի - Մարկոս 1, 14-20

14 Քեզի ուրախութիւն ու ցնծութիւն պիտի ըլլայ, եւ շատեր պիտի ուրախանան անոր ծնունդին համար.
15 որովհետեւ Տէրոջ առջեւ մեծ պիտի ըլլայ: Ո՛չ գինի պիտի խմէ, ո՛չ ալ օղի, ու դեռ իր մօր որովայնէն Սուրբ Հոգիով պիտի լեցուի,
16 եւ Իսրայէլի որդիներէն շատերը պիտի դարձնէ Տէրոջ` իրենց Աստուծոյն:
17 Ինք պիտի գայ անոր առջեւէն` Եղիայի հոգիով ու զօրութեամբ, հայրերուն սիրտը վերադարձնելու դէպի զաւակները, եւ անհնազանդները` արդարներուն իմաստութեան, որպէսզի պատրաստէ Տէրոջ *բարեյօժար ժողովուրդ մը»:
18 Զաքարիա ըսաւ հրեշտակին. «Ի՞նչպէս գիտնամ ատիկա, որովհետեւ ես ծեր եմ, ու կինս յառաջացած տարիք ունի»:
19 Հրեշտակը պատասխանեց անոր. «Ես Գաբրիէլն եմ` որ կը կայնիմ Աստուծոյ առջեւ, ու ղրկուեցայ քեզի` խօսելու եւ այս բաները քեզի աւետելու:
20 Ահա՛ դուն համր պիտի ըլլաս, ու պիտի չկարենաս խօսիլ մինչեւ այն օրը` երբ այս բաները ըլլան, քանի որ չհաւատացիր իմ խօսքերուս` որոնք պիտի իրագործուին իրենց ատենին»:







All the contents on this site are copyrighted ©.