2010-07-31 11:34:53

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՊԻՏԻ ՉՄԵԿՆԻ ՎԱՆ


Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս պիտի չմեկնի Վան՝ մասնակցելու համար 19 սեպտեմբերին Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուելիք պատարագի արարողութեան։ Ս. Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգի ղեկավար Վահրամ քհնյ. Մելիքեան տեղեկացուց, որ կաթողիկոսին փոխարէն Սուրբ Էջմիածինէն Վան պիտի մեկնին երկու ներկայացուցիչներ։

Մելիքեան չյայտնեց մեկնող հոգեւորականներուն անունները, սակայն ըսաւ, որ անոնց անունները արդէն իսկ որոշուած են եւ յառաջիկային համապատասխան տեղեկութիւն պիտի տրամադրուի։

Նշենք, որ 2007-ին վերանորոգուած եւ իբրեւ թանգարան գործող Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցին Վանի նահանգապետին եւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքին նախաձեռնութեամբ այս տարուան 19 սեպտեմբերին կրկին պիտի վերաբացուի կրօնական արարողութիւններուն համար։ Թրքական կողմը կը վստահեցնէ, որ եկեղեցւոյ գմբէթին խաչ պիտի տեղադրուի







All the contents on this site are copyrighted ©.