2010-07-30 11:59:31

Վատիկանի Պետական քարտուղարի այցելութիւնը Մոսկուա 2011 տարւոյն սկիզբը, ամրապնդելու՝ կապերը երկրի քաղաքացիական ու եկեղեցական իշխանութիւններու հետ։


Իտալիոյ մամլոյ հետ ունեցած ելոյթով, Վատիկանի Պետական Քարտուղարը` կարտինալ Պերթոնէն հաստատեց իր ծրագիրը այցելելու Մոսկուա, 2011ին սկիզբները։ Այս ճամբորդութեան նպատակն է, ամպրապնդել կապերը երկրի քաղաքացիական ու կրօնական իշխանութիւններուն հետ։ Անցեալ 2009ին Վատիկանը եւ Դաշնակցային Ռուսիան դիւանագիտական կապերը հաստատեցին։ Մոսկուայի համայն Ռուսիոյ օրթոտոքս պատրիարքի նոր ընտրութեամբ՝ կապերը աւելի բարելաւուեցան երկու եկեղեցիներու միջեւ։

Կարտինալ Պերթոնէ մամուլին հետ խօսելով՝ ընդգծեց թէ Կիւրեղ Պատրիարքի ու Սրբազան Քահանայապետի միջեւ կապերը աւելի սերտ կը դառնան։ Երկու եկեղեցիները կ'ուզեն եւ կը բաղձան միասնաբար գործել որպէսզի Եւրոպան կարողանայ ներշնչել իր երկու թոքերով։ Ապա կարտինալ Պերթոնէ անդրադառձաւ Սրբազան Հօր յառաջիկայ սեպտեմբերին կատարելիք այցելութեան Անգլիա։։ Մեր աղօթքն է որ այդ ճամբորդութիւնը ըլլայ պտղաբեր համամիութենական գետնի վրայ լաւագոյնս ամրապնդելու կապերը համայնքներու միջեւ եւ զօրացնելու ու խորացնելու հաւատացեալներու հաւատքը

 








All the contents on this site are copyrighted ©.