2010-07-30 12:07:46

Հայաստան համահայկական հիմնադրամը կը կառուցէ մանկապարտէզ Ղուզէ Ճարտար գիւղին մէջ


Հայաստան համահայկական հիմնադրամը կը տեղեկացնէ թէ հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմնոյ հովանաւորութեամբ սկսաւ ԼՂՀ Մարտունի շրջանի Ղուզէ Ճարտար գիւղի մանկապարտէզի կառուցումը։ Ծրագիրը կը գործադրէ Լուդենդօ Գրուփ ընկերութեան նախագահ Ժան-Միշել Գրինբերգի եւ Բերենիկ եւ Եւրելիա ընկերութեան նախագահ Միշել Փազումեանի նուիրատուութիւններով՝ ի յիշատակ Հիմնադրամի բարերար Էմանուէլ տէ Լաբարրի, որը կիանքի վերջին տարիներուն ընթացքին աշխուժօրէն ներգրաւուած էր Հիմնադրամի արցախեան ծրագրերու իրականացմամբ։



Հայրենադարձներու Հիմնախնդիրի Լուծման Երկու Նոր Նախագիծ

Ըստ սփիւռքի նախարարութեան հայրենադարձութեան վարչութեան պետ Արման Եղիազարեանի, նշուած նախագիծերէն առաջինը ունի օրէնքի յատուկ կառուցուածք, բաղկացած է 4 գլուխներէ եւ 23 յօդուածներէ։ 1ին գլուխը Ընդհանուր դրոյթներ բաժինն է, 2րդը՝ կը ներկայացնէ հայրենադարձութեան ոլորտին մէջ պետական քաղաքականութեան ձեւաւորումն ու իրականացումը, 3րդ գլուխին մէջ կը նշուին հայրենադարձութեան հարցերը կարգաւորող մարմինները, իսկ վերջին գլուխը կը սահմանէ եզրափակիչ դրոյթները։

Երկրորդ նախագիծը, Հայրենադարձութեան վարչութեան պետին վկայութեամբ, բաղկացած է ներածութենէ եւ 4 գլուխներէ, որոնց մէջ կը ներկայացուին հայրենադարձ եւ հայրենադարձութիւն հասկացութիւններու բացատրութիւնները, գործընթացի փուլերը, հայրենադարձներու ներառման ուղղութիւնները եւ հայրենադարձներու մասին օրէնքի հիմնական դրոյթները։ Ա. Եղիազարեանի խօսքով, նախագիծերէն իւրաքանչիւրը միւսին համար հիմք կը հանդիսանայ։ Անոնք, ընթացիկ տարուան աւարտին պիտի ներկայացուին կառավարութեան։

ԵՈՒՐԻ ՃՈՐՔԱՅԷՖ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԻ ՄԱՐԶԻ՞Չ Ֆրանսական ,Ֆրանս-ֆութպոլե մարզաթերթին համաձայն, Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին ֆութպոլիստ, հայազգի Եուրի Ճորքայէֆ կը փափաքի ստանձնել Հայաստանի ազգային հաւաքականի մարզիչի պաշտօնը:

Ֆրանսայի հետ 1998-ի Մոնտիալի տիտղոսին տիրացած Ճորքայէֆ իր տուած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ թէեւ ինք որեւէ հաղորդակցութեան մէջ չէ մտած Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հետ, սակայն եթէ իրեն այդ պաշտօնը առաջարկուի, ինք շատ մեծ ուրախութեամբ պիտի ընդառաջէ այդ առաջարկին:

Նշենք, որ ներկայիս Եուրի Ճորքայէֆ բնակութիւն հաստատած է Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուր ստեղծած է անձնական հիմնադրամ մը, որ կը զբաղի ֆութպոլի զարգացումով՝ ոչ ապահով շրջաններու մէջ: Մէջբերելով Ճորքայէֆի խօսքերը՝ Ֆրանս-ֆութպոլ կը գրէ. ,Նախքան Եւրօ-2000-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն սկսիլը, կը կարծուէր, որ հայրս՝ Ժան, պիտի ստանձնէր Հայաստանի հաւաքականի մարզիչի պաշտօնը: Սակայն Հայաստանի ֆետերասիոնը ուզեց այդ պաշտօնը վստահիլ Սուրէն Բարսեղեանի: Այժմ, եթէ յարմարութիւն ըլլայ, յոյսով եմ, որ եթէ այդ պաշտօնը առաջարկուի ինծի, կը փափաքիմ նշանակուիլ մարզիչ:



 








All the contents on this site are copyrighted ©.