2010-07-30 12:05:19

Արեւմտահայերէնի ուսուցումը եւ իւրացումը էական՝ ազգային իրաւունքի եւ միացման


Սփիւռքի նախարարութիւնը հրաւիրած էր ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆի ուսուցման օրակարգով խորհրդաժողով, Արեւմտահայերէնի ուսուցման վիճակը սփիւռքում օրակարգով, որուն մասնակցեցան Հայաստանի Հանրապետութենէն եւ տարբեր երկիրներէ ուսուցիչներ, դասախօսներ, գրողներ։ Խորհրդաժողովը յատկանշուեցաւ լրջութեամբ, հայերէնի հարցը ընդհանրապէս քննուեցաւ։ Ժողովականները գիտակից հաւատքով արտայայտուեցան այն մասին որ հայութեան գոյութեան տեսանկիւնէ որոշիչ դեր ունի ազգային լեզուն, ընդունելով ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒՆ որպէս հայկական ինքնութեան հիմնական բաղադրիչ եւ պահպանման կարեւորագոյն ազդակ։

Խորհրդաժողովի աւարտին հրապարակուած Յայտարարութեան եզրակացութիւնը կը բնորոշէ հասարակաց կամքը. Կոչ կ'ընենք սփիւռքեան եւ հայաստանեան բոլոր կառոյցներուն գլխաւոր հիմնախնդիր համարել հայապահպանութիւնը Սփիւռքի մէջ եւ յատկապէս հայ դպրոցի պահպանումը եւ զարգացումը, ինչպէս նաեւ հետեւողականօրէն նպաստել արեւմտահայերէնի՝ որպէս ազգային արժէքի պահպանման եւ զարգացման։

Կարդացուեցան բազմաթիւ զեկուցումներ, եղան անկաշկանդ վիճարկումներ։ Խորհրդաժողովի արձանագրութիւնները պահուած են եւ զեկուցումներուն հետ լոյս պիտի տեսնեն։ Ինչպէս կը նշէ յայտարարութիւնը, նախարարութիւնը պատրաստակամութիւն կը յայտնէ օժանդակելու Արեւմտահայերէնի ուսուցման, նաեւ Արեւմտահայերէնի ուսուցման միասնական դասագիրքերու ստեղծման, կանոնակարգելով տարբերութիւնները։

Խորհրդաժողովի աւարտին, ստեղծուեցաւ գործելու կոչուած մարմին մը, որուն մէջ ընդգրկուեցան Հայաստանի Հանրապետութենէն եւ Սփիւռքէն ուսուցիչներ եւ մտաւորականներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.