2010-07-29 11:49:38

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին պատգամը Ս. Կոյս Մարիամի Աննա եւ Յովակիմ ծնողաց տօնին առթիւ։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին պատգամը Ս. Կոյս Մարիամի Աննա եւ Յովակիմ ծնողաց տօնին առթիւ։
Սպանիայի մէջ Ս. Կոյս Մարիամի Աննա եւ Յովակիմ ծնողաց տօնը կը զուգադիպի մեծ ծնողներու օրուան հետ։ Այս առթիւ Սրբազան Հայրը իր ուղղած պատգամին մէջ կը գնահատէ մեծ ծնողներու կրօնական, հոգեւոր, մարդկային եւ ընկերային հարստութիւնը եւ կը խրախուսէ զանոնք յարատեւելու հաւատքին մէջ եւ Քրիստոսի լոյսով իմաստ ու նշանակութիւն տալու կեանքի բոլոր հանգրուաններուն։ Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը Տիրոջմէն կը հայցէ որ իր նախախնամութեամբ ողորմի ու հովուէ մեծ ծնողները բարեխօսութեամբ՝ Ս. Կոյս Մարիամի ու անոր Յովակիմ ու Աննա ծնողաց։







All the contents on this site are copyrighted ©.