2010-07-29 11:42:51

Հայաստանի պատուիրակութիւնը Գերմանիոյ մէջ մասնակցեցաւ Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կովկասեան երկիրներու Զինուած Ուժերու պետերու համաժողովին։


Հայաստանի պատուիրակութիւնը Գերմանիոյ մէջ մասնակցեցաւ Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կովկասեան երկիրներու Զինուած Ուժերու պետերու համաժողովին։

Հ Հ զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ, զօրավար-գնդապետ Եուրի Խաչատուրովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Գերմանիոյ Գարմիշ-Պարտենկիրխէն քաղաքին մէջ մասնակցեցաւ Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կովկասեան երկիրներու Զինուած Ուժերու ԳՇ՝ գլխաւոր շտապի պետերու համաժողովին։ Համաժողովի հիմնական նպատակն էր տարածաշրջանային անվըտանգութեան եւ կայունութեան, ինչպէս նաեւ եւրատլանտեան ռազմական կառոյցներու հետ համագործակցութեան հարցերու քննարկումը։

ԱՄՆ Եւրոպական հրամանատարութեան հրամանատար, ծովակալ Ճէյմս Ստավրիտիսի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած միջոցառման մասնակցած են նաեւ Ռուսաստանի, Ուքրանիոյ, Ռումանիոյ, Պուլկարիոյ, Մոլտովայի, Վրաստանի, Թուրքիոյ եւ Ա տըրպէյճանի ներկայացուցիչները։

Զօրավար-գնդապետ Խաչատուրով իր ելոյթին ընթացքին անդրադարձած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան ռազմավարական վերանայման ծիրէն ներս իրականացուող պաշտպանական բարեփոխումներուն, ՆԱԹՕ-ի եւ ԱՄՆ-ի հետ ռազմական համագործակցութեան հարցերուն։

Երեւանի մէջ սկիզբ առաւ ՜՜Մէկ Ազգ, Մէկ Մշակոյթ՝՝ Համահայկական Դ. Փառատօնը Հովանաւորութեամբ Հ Հ նախագահին։

22 յուլիսին սկիզբ առաւ ,Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթե համահայկական Դ. փառատօնը, որուն ծիրին մէջ պիտի իրագործուին նաեւ կատարողական արուեստի օրերը։ Հանրապետութեան հրապարակի տարբեր մատոյցներէն շքերթով հրապարակ եկած են Էսթոնիայէն, Վրաստանէն, Իրանէն, Լիբանանէն, Քանատայէն, Ռուսիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Ուքրանիայէն, Ուզպեքիստանէն, Ֆրանսայէն, Ջաւախքէն, Լեռնային Ղարաբաղէն եւ Հայաստանի տարբեր շրջաններէն մօտաւորապէս 1200 մասնակիցներ։ Նշենք, որ ,Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթե փառատօնը կը հովանաւորէ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, իսկ փառատօնի կազմակերպիչներն են Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը եւ ,Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթե հիմնադրամը։ Փառատօնի կազմակերպման աջակցած են՝ Հայաստանի արտաքին գործոց եւ մշակոյթի նախարարութիւնները։ Երեւանի քաղաքապետարանը, Հայաստանի մարզերու եւ Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ պետական եւ հասարակական այլ կազմակերպութիւններ։

Փառատօնի հանդիսաւոր բացման արարողութեան ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է Հայաստանի սփիւռքի փոխնախարար Ստեփան Պետրոսեան։ Ան ողջունելէ ետք ներկաները, փառատօնը բնորոշած է իբրեւ համայն հայութեան տօնը եւ շեշտած է, որ աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ մեր ժողովուրդը կը ստեղծագործէ, կը զարգացնէ իր դպրոցները եւ մշակութային արժէքները, որովհետեւ մշակոյթ ստեղծելը մեծագոյն սխրանք է, իսկ մշակոյթ պահպանելը, տարածելը, սերունդներուն փոխանցելը՝ մեծագործութիւն։ Փոխնախարարը իր խօսքը եզրափակած է՝ ըսելով, որ ,Կը հաւատամ՝ հայ մշակոյթի այս հաւաքական տօնը մեծագործութիւն է եւ այս առաւել պիտի զօրացնէ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք կապերը։ Նշենք, որ կատարողական արուեստի օրերուն միջոցառումներուն ծրագրին մէջ նախատեսուած է իրականացնել մշակութային ձեռնարկներ, այցելութիւններ Հայաստանի եւ Արցախի պատմամշակութային օճախներ, հանդիպումներ, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի պետական պաշտօնեաներ եւ հոգեւոր առաջնորդներու հետ, վարպետութեան դասընթացքներ՝ պարուսոյցներու համար եւ ճատրակի համահայկական երիտասարդական առաջին ողիմպիան՝ Հայաստանի մէջ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.