2010-07-29 11:56:20

Ընտանիքը անփոխառինելի դերակատար է մարդկայնացումի, եւ հիմնական աղբիւր մըն է ընկերութեան , հաստատած է կարտինալ Անթոնելլի Սրբուհի Թերեզա Մանուկ Յիսուսի ծնողաց ամուսնութեան տարեդարձին առթիւ։


Ընտանիքը անփոխառինելի դերակատար է մարդկայնացումի, եւ հիմնական աղբիւր մըն է ընկերութեան , հաստատած է կարտինալ Անթոնելլի Սրբուհի Թերեզա Մանուկ Յիսուսի ծնողաց ամուսնութեան տարեդարձին առթիւ։

Սրբուհի Թերեզա Մանուկ Յիսուսի ծնողաց՝ ամուսնութեան տարեդարձին առթիւ՝ երանելիներ Լուի Մարթան 1823-1894, եւ Զէլի Կերան 1873-1897, որոնք պսակուած էին 12 յուլիս 1858ին, կարտինալ Անթոնելլի պատարագ մատուցած է եւ դասախօսութիւն տուած ընտանիքը եւ աւետարանութիւնը նիւթին մասին։

Մարթան ընտանիքը, ըսաւ կարտինալ Անթոնելլի, կը մարմնացնէ ընտանիքի տիպար մը որուն կարիքը ունի մեր ժամանակին, որովհետեւ ներկայ մշակոյթը կ'անտեսէ ընտանեկան արժէքները։ Կարտինալին գնահատումով ընտանիքը անվաճառ հաստատութիւն մըն է, համակ նուիրում մըն է, մինչ ներկայ ընկերութիւնը ընտանիքը նկատած է որպէս անհատական կարիքներու ու կիրքերու գոհացում։








All the contents on this site are copyrighted ©.