2010-07-28 11:05:49

Սրբազան Քահանայապետին Օգոստոս ամսուայ աղօթքի ընդհանուր եւ միսիոնարական դիտաւորութիւնները


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Օգոստոս ամսուան համար, որպէս աղօթքի ընդհանուր դիտաւորութիւն հաւատացեալներէն կը խնդրէ աղօթել. ''Որպէսզի գործազուրկերը, ապաստան չ՜ունեցողները եւ բոլոր դժուար պայմաններու մէջ ապրողները կարենան գտնել հասկացողութիւն եւ ընդունելութիւն եւ անոնց տրուի պատշաճ օգնութիւնը իրենց դժուարութիւնները յաղթահարելու համար։



Իսկ միսիոնարական աղօթքի դիտաւորութեան համար, Նորին Սրբութիւնը հաւատացեալներէն կը խնդրէ. ''Որպէսզի եկեղեցին ըլլայ բոլորին ''տունը'' եւ միշտ պատրաստ ըլլայ իր դռները բանալու բոլոր անոնց որոնք ենթարկուած են ցեղային եւ կրօնական խտրականութեան, անօթութեան, պատերազմի եւ գաղթականութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.