2010-07-28 10:37:50

Էջ Մը Հայ Գրականութենէն

Հայազգի Բանաստեղծ Գարեգին Պէշկէօթիւրեան անոր մահուան 119-րդ տարելիցին առիթով (1868-1891)։


Գարեգին Պէշկէօթիւրեան, միակ բանաստեղծութեամբ մը անմահութիւնը նուաճած հայ գրականութեան արժանաւորներէն է, որուն 119-րդ տարելիցը կը նշուի այս տարի։

Արդարեւ՝ 20 Յուլիս 1891ին, հազիւ 23 տարեկան հասակին, թոքախտի հետեւանքով կը վախճանէր հայ ժողովուրդի տաղանդաւոր այս զաւակը, որ նոր լոյս ընծայած էր ՜՜Սրինգը՝՝ խորագրով իր սրտաբուխ, այլեւ սրտագրաւ ու զինք անմահացնելու կոչուած քերթուածը։

Հայ գրականութեան ծանօթ է նմանօրինակ երկրորդ արժանաւոր մը եւս՝ Գէորգ Դոդոխեան, որ իր հռչակաւոր Ծիծեռնակով արեւելահայ իրականութեան մէջ անմահութեան արժանացաւ։

Գարեգին Պէշկէօթիւրեան Խարբերդի զաւակ, ծնած էր 1868ին եւ կազմաւորուած էր այնպիսի՛ ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ հայ ժողովուրդի ազգային զարթօնքը արագընթաց կը մօտենար իր բարձրակէտին։

Մանկութեան ականատես դարձաւ 1877-1878ի ՌուսԹրքական պատերազմին, ականջալուր եղաւ Սան Սթեֆանոյի եւ Պերլինի դաշնագրերու կնքումին, Հայկական Հարցի միջազգայնացման առաջին քայլերուն եւ անոնց ընկերացող գայթակղութեան։ Պատանի տարիքին, երբ Վանի եւ Կարնոյ մէջ հայ ազգայինազատագրական շարժումը յեղափոխական իր առաջին խմորումները կապրէր, Գարեգին Պէշկէօթիւրեանի համար կը սկսէր խուլ պայքարը թոքախտին դէմ, որ արագօրէն իր աւերը գործեց լոյսի եւ յոյսի, կեանքի եւ սիրոյ ծարաւով համակուած տաղանդաւոր այս տղուն մարմնին վրայ։

Կենսագիրները գրեթէ ոչ մէկ մանրամասնութիւն կը փոխանցեն Գ. Պէշկէօթիւրեանի նոյնիսկ կարճատեւ կեանքին մասին։ Եւ եթէ Գրիգոր Զօհրապի ու Հրանտ Ասատուրի Մասիսը 18901891 տարիներու իր համարներով տեղ չտար վաղամեռիկ հայ բանաստեղծին քերթուածներուն, յատկապէս վերջինին՝ Սրինգին, վստահաբար հայ ժողովուրդը պիտի չգիտնար անգամ, որ իր ծոցին մէջ ծնաւ, խորապէս տառապեցաւ եւ վաղ տարիքին կեանքէն առյաւէտ հեռացաւ տաղանդաւոր երիտասարդ մը։

Գրականագէտները կը վկայեն, թէ մինչեւ Սրինգը Պէշկէօթիւրեան գրած էր այլ ոտանաւորներ եւս՝ բնութեան, մայրական սիրոյ, յոյսի դրժման, ընկերական մաքուր զգացումի, մահուան եւ կեանքի մնացեալ միւս՝ տխուր բաներուն մասին։

Սակայն վաղամեռիկ բանաստեղծին գլուխգործոցը եւ անմահութեան արժանացած բանաստեղծական գոհարը կը հանդիսանայ Սրինգը բանաստեղծութիւնը։

Ե՛կ իմ սըրինգ, իմ բարեկա՛մ սրտագին,

Նիհար շրթունքդ, ո՜հ, երերուն

Դի՛ր դալկահար իմ շրթներուն,

Երգե՛նք ու լանք, լա՛նք ու երգանք

տրտմագին։

Սրինգ քերթուածը անմիջապէս գրաւեց ընթերցողներու ուշադրութիւնը, սիրուեցաւ բոլորին կողմէ եւ արժանացաւ ջերմագոյն ընդունելութեան։

Սրինգին հետ ճակատագրակից բանաստեղծին տրտունջն ու բողոքն է անիկա կեանքի անարդարութեան դէմ։ Բանաստեղծը կը զգայ իր մօտալուտ մահը եւ իր ցաւերն ու հոգին կը բանայ իր միակ սրտագին բարեկամին՝ սրինգին...

Նշենք թէ՝ Գարեգին Պէշկէօթիւրեանի մօտ, աշխարհաբարը իր պարզագոյն գեղեցկութեամբ՝ յաջողած է շնչաւորել մարդ էակի խորագոյն ցաւն ու կսկիծը՝ ՜՜կեանքէն անարդարօրէն պոկուելու եւ վաղաժամ վախճանելու մեծ տառապանքը՝՝ գեղարուեստական գողտրիկ պատկերի մը մեղմ գիծերով, բայց խորապէս տպաւորիչ գոյներով ու երանգներով։

Բանաստեղծին դառն վախճանը ինքնին պատճառ եղաւ, նաեւ, որպէսզի մեր ժողովուրդը աւելիով փարի սրտագրաւ Սրինգին, որ նաեւ ձայնագրութեան արժանացաւ եւ իբրեւ երգ ալ յաւերժացաւ։ Տաղանդաւոր վաղամեռիկ Գարեգին Պէշկէօթիւրեան ունեցաւ սրինգի մը ճակատագիրը եւ անոր պէս իր տխուր երգով անմահացաւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.